ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս», «Ազդակ».- Բերիոյ թեմի ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան «Ազդակ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ 3 հրասանդ ռումբեր ինկած են Նոր Գիւղի վրայ եւ այդ պատճառով արձանագրուած է երկու վիրաւոր, որոնք իսկոյն հիւանդանոց փոխադրուած են։ Ռումբերուն պատճառով նաեւ քանի մը շէնքեր վնասուած են։
Ոչ պաշտօնական տուեալներու համաձայն, Թուրքիոյ սահմանի մօտակայքը գտնուող սուրիական Հասաքէ քաղաքին մէջ զինեալներու կողմէ հայ տղամարդ մը սպաննուած է, իսկ անոր որդին վիրաւորուած է։ Սուրիահայերուն Դիմատետրի էջին համաձայն, ուր տեղադրուած էր այս լուրը, դէպքը տեղի ունեցած է երբ զինեալներ փորձած են առեւանգել հայ երիտասարդը։ Ոչ պաշտօնական տեղեկութիւնները կը նշեն, որ մահացողը Ապտ Ալ Ահատ Պաչորան կը կոչուի: Լուրը կարելի չէ եղած հաստատել, որովհետեւ հաղորդակցութեան միջոցներ չկան։
Քեսապի բնակիչներուն համաձայն, հեռաձայնային ցանցը վերսկսած է գործել, շուրջ շաբաթէ մը ի վեր լարուած մթնոլորտը աւելի խաղաղ է, դէպի Լաթաքիա ճամբան բացուած է։ Բայց եւ այնպէս, մերթ ընդ մերթ կը լսուին կրակոցի ձայներ։
Դամասկոսի մէջ կացութիւնը հանդարտ է, սակայն աւելի լարուած իրավիճակ կը տիրէ Ժարամանայի մէջ, որովհետեւ օդակայանին ճամբուն վրայ տեղի ունեցող բախումները շատ մօտ են շրջանին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.