
Ուքրանիոյ Հայ երիտասարդութեան միութիւնը տարածաշրջանային հայկական երիտասարդական կազմակերպութիւններու եւ տեղի համայնքներու ղեկավարներու աջակցութեամբ կ՛իրականացնէ «Երեխաներուն æերմութիւն Նուիրէ» շարժումը, որուն ծիրէն ներս այցելութիւններ կը կատարուին տարածաշրջանի մանկատուներ, կ՛իրականացուի նաեւ մշակութային-զուարճացնող ծրագիր:
Այս շարժման կը մասնակցի նաեւ Ռովնօ քաղաքի հայկական համայնքի երիտասարդական կազմակերպութիւնը:
Նշենք, որ Ուքրանիոյ Հայերու միութեան ներկայացուցիչները պարբերաբար կ՛այցելեն Նիկոփոլի, Լիւպոտինէի եւ Թէոդոսիոյ մանկատուները, ուր կան նաեւ հայ երեխաներ: