ՊՈԼԻՍ.- Պոլսոյ հայերուն կողմէ սուրիահայերուն ուղղուած օգնութեան նախաձեռնութիւնները աւելի լայն թափ կը ստանան: Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանը յայտարարութիւն տարածած է՝ կոչ ընելով հայ համայնքին, ըստ հնարաւորութեան, օգնելու սուրիահայերուն:
Ըստ «Ակօս» թերթի՝ Հայոց պատրիարքարանի տարածած յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ Պոլսոյ հայոց պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեանի գլխաւորութեամբ Պետրոս Շիրինօղլուն, Արեթ Էրքանը, Տիգրան Կիւլմեզգիլը, Իսքենտեր Շահինկէօզը եւ Տիգրան Ալթունը սուրիահայերուն օգնութիւն փոխանցելու հարցով հանդիպած են թրքական իշխանութիւններուն հետ: Թուրք պաշտօնեաները երաշխաւորած են, որ հայ համայնքին հաւաքած օգնութիւնը Կարմիր Մահիկի օգնութեամբ պիտի հասնի Սուրիոյ հայ համայնքին: Այս հանդիպումէն ետք հայ համայնքին մէջ օգնութեան կազմակերպման համար յանձնաժողով կազմուած է, որուն կազմին մէջ են պոլսահայ յայտնի դէմքեր, ինչպէս՝ «Ակօս»ի գլխաւոր խմբագիր Ռոպէր Քոփթաշը:
Դրամական օգնութեան համար բացուած են 3 արժոյթով հաշուեհամարներ, իսկ հագուստ եւ այլ պարագաները պիտի հաւաքուին եկեղեցիներու միջոցով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.