ՉԱՐՍԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Չարլսթըն քաղաքի մէկ ատեանին առջեւ, Մարկոս Պաղտասարեան այս շաբթուան ընթացքին ընդունեց իր դէմ կատարուած այն ամբաստանութիւնը, թէ Իրանի հետ առեւտուրի ամերիկեան օրէնքները խախտած է:
Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 3ին սկսած դատավարութեան առաջին օրը, դատախազներ Պաղտասարեանը բնութագրեցին իբրեւ խորամանկ ու հնարամիտ գործարար մը, մինչ անոր պաշտպան փաստաբանը զայն ներկայացուց իբրեւ անձ մը, որ սովորաբար իր գործերը կը վարէ կանոններու համաձայն։ Ան դէպի Իրան արտածումներ կատարած է Տուպայի ճամբով:
49ամեայ Պաղտասարեան կրնար մինչեւ 25 տարուան բանտարկութեան եւ 1.2 միլիոն տոլար տուգանքի դատապարտուիլ։ Ամբաստանութիւնները ընդունելու իր որոշումին շնորհիւ, ան առաւելագոյն հինգ տարուան բանտարկութեան կրնայ դատապարտուիլ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.