ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Միացեալ Նահանգներու աշխատաւորական հարցերու նախարարութիւնը Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 7ին յայտարարեց, թէ Նոյեմբեր ամսուան ընթացքին գոյացած են 146,000 նոր աշխատատեղիներ, որոնց շնորհիւ անգործութեան համեմատութիւնը 7.7 տոկոսի իջած է, ինչ որ ամենացած համեմատութիւնն է Դեկտեմբեր 2008էն ի վեր:
Ըստ տնտեսագէտներու՝ Հոկտեմբերին արձանագրուած 7.9 տոկոս անգործութեան համեմատութեան 0.2 տոկոսի փոփոխութեան պատճառներէն մէկն է նաեւ այն իրողութիւնը, որ շատ անգործ քաղաքացիներ դադրած են աշխատանք փնտռելէ, եւ այդ պատճառով ալ անգործներու շարքին չեն դասուած այլեւս:
Միաժամանակ, կառավարութիւնը հաղորդեց, թէ Հոկտեմբերին ու Սեպտեմբերին հաղորդուած տուեալներուն վերաքննութենէն ի յայտ եկած է, թէ հաղորդուած տուեալները իրականէն 49,000ով աւելի էին:
Սակայն, ընդհանուր առմամբ, Ուրբաթ օրուան տուեալները դրական նկատուեցան տնտեսագէտներու կողմէ, որոնք նշեցին, թէ մինչ այս տարուան առաջին վեց ամիսներուն ընթացքին ամսական միջին հաշուով 146,000 նոր աշխատատեղի գոյացած է, յաջորդող հինգ ամիսներուն ընթացքին այդ միջինը 158,000ի բարձրացած է: Անոնք սակայն կ՛ազդարարեն, թէ կացութիւնը կրնայ զգալիօրէն փոխուիլ, եթէ մինչեւ տարեվերջ Քոնկրեսի եւ Սպիտակ տան միջեւ համաձայնութիւն չգոյանայ յաւելեալ տուրքեր գանձելու եւ պետական սպասարկութիւնները կրճատելու բանակցութեանց ընթացքին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.