
ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Մեծագոյն Նիւ Եորքի Թէքէեան Մշակութային միութեան «Մհեր Մկրտչեան» թատերախումբը իր ծնունդի 15րդ տարուան տարեդարձին առթիւ, թատերասէրներուն ներկայացաւ Երուանդ Օտեանի «Սէր եւ Ծիծաղ» թատերական կտորով:
1998 Ապրիլին սկսած «… Եւ դարձեալ Պարոնեան» ներկայացումով, բեմադրութեամբ՝ թատերախումբին անունը կրող Ֆրունզիկի այրիին՝ Թամար Յովհաննիսեանի, թատերախումբը իր երթը կը շարունակէ, բեմ հանելով 18 տարբեր ներկայացումներ, հայ թէ օտար դասական թէ ժամանակակից հեղինակներէ:
«Սէր եւ Ծիծաղ» ներկայացման բեմադրիչն էր Գրիգոր Սաթամեան, որ յատկապէս Նիւ Եորք գացած է Լոս Անճելըսէն:
Գլխաւոր դերով հանդէս կու գար թատերախումբի հիմնադիր անդամներէն Գառնիկ Ներսէսեան, որ Արթին աղայի դերով կու տար Պոլսոյ հասարակական կեանքին մէջ վաճառականին (չարշըլըի) իրական բայց դրական տիպարը: Իսկ կինը՝ Յասմիկ Գասպարեան, Եւփիմէի դերով, ան առաջին անգամ ըլլալով կը բարձրանար բեմ: Ներկայացումը տեղի ունեցաւ Նոյեմբեր 17 եւ 18 օրերուն, Տուայթ Էնկլուուտ հայ սքուլի հանդիսասրահին մէջ: