
Կիրակի, 2 Դեկտեմբեին Կիպրոսի ՀՕՄի «Սօսէ» Մասնաճիւղի տօնավաճառը առաջին անգամ ըլլալով տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ՀԵՄ ակումբէն ներս:
Բազմահարիւր հայրենակիցներ այցելեցին տօնավաճառ, գնումներ կատարելու եւ իրենց հերթին աջակցելու «Սօսէ» մասնաճիւղի ազգային եւ մարդասիրական ծրագիրներուն Հայաստանի, Արցախի եւ Կիպրոսի մէջ:
Ձեռնարկին իրենց մասնակղութիւնը բերին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ նորաստեղծ պատանեկան երգչախումբը, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ պատանեկանի երգչախումբը: