ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Տասնմէկերորդ տարին ըլլալով, Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական ճեմարանի (Near East School of Theology) զանազան երկիրներէ ժամանած քսան ուսանողներ, իրենց պատասխանատու դոկտ. Ճորճ Սապրայի գլխաւորութեամբ, Չորեքշաբթի, 5 Դեկտեմբերին այցելեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Մայրավանք եւ լսեցին Նարեկ արք. Ալեէմէզեանի «Հայ եկեղեցին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը Միջին Արեւելքի քրիստոնէական վկայութեան շրջագիծին մէջ» դասախօսութիւնը:
Նարեկ սրբազան ներկայացուց հայ եկեղեցւոյ ծննդոցը, պատմութեան գլխաւոր հանգրուանները եւ հայ դաւանանքին հիմնական երեսները։ Ապա, ան ծանրացաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռին բազմերես առաքելութեան վրայ:
Հարց-պատասխանի ընթացքին, ուսանողներ առաւելաբար հետաքրքրուեցան հայ հոգեւորականներու դպրեվանքեան կազմաւորումով, հայ եկեղեցւոյ ժողովրդավար կառոյցով, Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքներով, Սուրիոյ հայութեան իրավիճակով, քրիստոնեաներու Միջին Արեւելքի մէջ ներկայութեան հեռանկարով եւ հայ եկեղեցւոյ ազգապահպանման առաքելութեամբ։
Ապա, ուսանողներ այցելեցին Մայր տաճար, Ապրիլեան Նահատակաց մատուռ եւ «Կիլիկիա» թանգարան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.