ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Միացեալ Նահանգներու աշխատաւորական հարցերու վիճակագրութեան գրասենեակը Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 21ին հաղորդեց, թէ Նոյեմբեր ամսուան ընթացքին անգործութեան համեմատութիւնը նուազած է 45 նահանգներու եւ Քոլոմպիոյ շրջանին մէջ, ուր կը գտնուի մայրաքաղաք Ուաշինկթընը: Մնացեալ հինգ նահանգներուն մէջ, անգործութեան համեմատութիւնը անփոփոխ մնացած է: Անգործութեան ամենաբարձր համեմատութիւնը կը շարունակէ ունենալ Նեւատան, ուր այդ համեմատութիւնը 11.5էն 10.8 տոկոսի իջած է: Քալիֆորնիոյ պարագային՝ համեմատութիւնը 10.1 տոկոսէն 9.8 տոկոսի իջած է:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.