ԱԼԺԷ.- «Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ Ալճերիա այցելող Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 20ին ընդունած է այն բռնարարաքներն ու դաժանութիւնները, որոնց, գաղութատիրական ժամանակաշրջանին, ենթարկուած է Ալճերիան՝ ֆրանսացիներու ձեռամբ: Ան նշած է, որ ալճերիացիները «132 տարի գտնուած են դաժան եւ անարդար համակարգի մը ազդեցութեան տակ», սակայն պաշտօնապէս ներողութիւն չէ խնդրուած անոնցմէ: Ալճերիական կուսակցութիւնները Ֆրանսայի նախագահին կոչ ուղղած էին, որ այս այցելութեան ընթացքին ներում հայցէ Ալճերիոյ ժողովուրդէն:
«Անցեալին պէտք է ծանօթ ըլլալ, սակայն անիկա պէտք չէ ապագայի ճամբուն վրայ խոչընդոտ դառնայ», ըսած է Հոլանտ: Հոլանտի յայտարարութիւնը քննադատուեցաւ Ֆրանսայի աջակողմեան ղեկավարներուն կողմէ, որոնք պնդեցին, թէ Հոլանտ իր երկիրը նեղ կացութեան կը մատնէ՝ նման խոստովանութիւններով։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.