ԸՐՎԱՅՆ.- Կիրակի, Դեկտեմբեր 16ին, տոքթ. եւ տիկին Կարօ եւ Սիլվի Դերձակեաններու բնակարանին մէջ կազմակերպուած տարեկան ընդունելութեան մը ընթացքին կարելի եղած է մօտաւորապէս 20,000 տոլար հանգանակել՝ ի նպաստ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Ըրվայնի մասնաճիւղի Հայոց պատմոaւթեան դասաւանդման ծրագիրին:
Դերձակեանները հինգերորդ տարին ըլլալով նման հաւաքներ կը կազմակերպեն՝ նեցուկ կանգնելու համար Հայոց պատմութեան ծրագիրին, որ հաստատուեցաւ 2007ին:
Ներկայիս համալսարանէն ներս տրամադրուող հայոց պատմութեան դասանիւթերուն կողքին, ծրագիրը 2012 տարուան ընթացքին նաեւ իրականացուց հայոց պատմութեան նուիրուած հանրային դասախօսութիւններու շարք մը՝ մասնակցութեամբ դասախօսներ Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի, Թալին Գրիգորի, Հուրի Պէրպէրեանի եւ Լեւոն Մարաշլեանի:
Նաեւ, փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան, 2013 տարեշրջանի ձմեռնային կիսամեակին ընթացքին, Արդի հայոց պատմութեան դասանիւթը պիտի դասաւանդէ համալսարանին մէջ, իբրեւ այցելու դասախօս:
Յառաջիկայ տարի պիտի շարունակուի նաեւ հանրային դասախօսութեան շարքը, որուն առաջինը տեղի պիտի ունենայ Յունուար 17ին, երբ դոկտ. Ռուբինա Փիրումեանը պիտի ներկայացնէ «Հայկական Ցեղասպանութիւնը գրականութեան մէջ» նիւթը, իսկ փրոֆ. Փիթըր Քաուի եւ փրոֆ. Կիուսթօ Թիրանա այլ դասախօսութիւններ պիտի ունենան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.