
ԼԻՆՏԱ ԳԱՆՏԻԼԵԱՆ
Ուրբաթ, 21 Դեկտեմբեր 2012ի յետմիջօրէին մեծ խանդավառութիւն կը տիրէր Քրեսենթա Հովիտի հայ կեդրոնին մէջ։ Արդարեւ, հոն համախմբուած էին խումբ մը պատանիներ եւ երիտասարդներ՝ ընկերուհիներ Հռիփսիկ Շաթիկեանի եւ տիկին Մելինէ Քէօսեանի առաջնորդութեամբ:
Այս շաբթուան պատանիներու համախմբումը ունէր տարբեր բնոյթ, անոնք իրենց ազգային, հայրենասիրական եւ դաստիարակչական աշխատանքներուն կողքին պիտի կատարէին նաեւ գործնական ծրագիր մը՝ գոհունակութիւն զգալով եւ պատճառելով իրենց շրջապատին:
Գարեգին Նժդեհ Պատանեկան միութեան վարչութեան երեք անդամներ պատանեկանի անդամ աւելի քան 20 պատանիներու աշխատանքով հանգանակուած կոկիկ գումար մը եւ ուտեստեղէններու երեք տոպրակներ անձնապէս յանձնեցին ՀՕՄի Հոլիվուտի «Մայր» մասնաճիւղին դիմած կարիքաւոր ընտանիքի մը:
Պատանիները մեծ գոհունակութեամբ ականատես եղան տօնական օրերու նախաշեմին այդ ընտանիքին ապրած ուրախութեան. անոնք միեւնոյն ատեն մարդկային դժուարութիւնները մեղմացնելու եւ ուրիշի մը ուրախութիւն պատճառելու անանձնական փորձառութիւնը շահեցան:
Նոյն օրը երեկոյեան պատանիները նաեւ մասնակցեցան Քրասենդա Հովիտի Հայ կեդրոնի «Աութրի»չ յանձնախումբի կազմակերպած՝ շրջանի հրշէջներու կեդրոնին խաղալիքներ յանձնելու աշխատանքին:
Պատանիները իրենց ծնողներուն, պատասխանատու ընկերուհիներուն եւ յանձնախումբի անդամներուն հետ քալեցին դէպի Մոնթրոզի հրշէջներու կեդրոն, ուր յանձնեցին խաղալիքները, նկարուեցան հրշէջներուն հետ եւ ուրախութեամբ վերադարձան կեդրոն:
Այս գործունէութեան յաջորդեց անոնց Կաղանդի խրախճանքը. ծնողներուն հետ անոնք ունեցան հաճելի երեկոյթ մը, կաղանդի ծառին շուրջ բոլորուած միասնաբար ճաշեցին եւ ուրախացան՝ ծրագրելով ապագայի նոր գործունէութիւնները:
Նոր ծրագիրներու ակնկալութեամբ՝ յաջողութիւն կը մաղթենք մեր պատանիներուն: