Շաբաթ, 22 Դեկտեմբեր, 2012ի կէսօրէ առաջ ժամը 11ին Լա Քրէսէնթա Հովիտի Հայ կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ շրջանի ՀՕՄի «Թալին» մասնաճիւղի Շաբաթօրեայ վարժարանի նոր տարուան յատուկ հանդէսը: ՀՕՄի մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի Էմմա Կարապետեանի եւ վարժարանի վարչական պատասխանատու Ծաղիկ Գատեանի կողքին, իրենց տեղերը գրաւած էին վարժարանի աշակերտութիւնն ու իրենց ծնողները, մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը, բարեկամները:
Ժամանակէն առաջ, սրահը լեցուցած էր հետաքրքիր բազմութեամբ մը, որ եկած էր ոչ միայն ներկայ գտնուելու դպրոցական կեանքի ամէնէն գեղեցիկ ու տպաւորիչ ձեռնարկներէն մէկուն, կաղանդ պապուկի ներկայութեան, այլեւ իր իսկ ներկայութեամբ, իր զօրակցութիւնը յայտնելու Հայ Օգնութեան Միութեան հայակերտման եւ հայապահպանման ստանձնած մեծ գործունէութեան:
Աւանդական դարձած կաղանդ պապայի սրահ մուտքէն առաջ, յայտագրի պաշտօնական բաժնի սկիզբին, վարժարանի տնօրէն Գէորգ Պետիկեան նախ շնորհաւորեց ներկաներուն նոր տարին եւ Ս. Ծնունդը ապա մեծապէս գնահատեց իրենց զաւակները ՀՕՄի այս վարժարանը ուղարկող ծնողներու հաւատքը, վստահութիւնը, անձնազոհութիւնն ու գիտակցութիւնը, անոնց ցուցաբերած յարգանքը եւ մանաւանդ նիւթաբարոյական քաջալերանքն ու անսակարկ զոհաբերութիւնը:
Տնօրէնը ջատագովեց հայ դպրոցի դերն ու դերակատարութիւնը սփիւռքեան հայ կեանքին մէջ ու մեծապէս գնահատեց ծնողներու իրենց զաւակները հայկական ոգիով մեծցնելու մտահոգութիւնը ու վեր առաւ ՀՕՄի բարեսիրական ու հայակերտման յատուկ ունեցած անսակարկ զոհաբերութիւնը:
Անդրադառնալով վարժարանի ընդհանուր վիճակի մասին տնօրէն Պետիկեան շեշտաւորեց դպրոց-ծնողք սերտ գործակցութիւնը, որմէ մեծագոյն օգտուողը պիտի ըլլայ անպայման հայ աշակերտը:
Տնօրէնի ձեռնարկի բացման խօսքէն ետք աշակերտները իրենց ուսուցիչներու առաջնորդութեամբ դասարանի կարգով սրահ մուտք գործեցին: Օրուան յայտագիր-հանդիսութիւնը սկսաւ աշակերտութեան «Տէրունական աղօթք»ի եւ «Մեր Հայրենիք» քայլերգի երգեցողութեամբ, ներկաներու յոտնկայս ունկնդրութեամբ դաշնակի ընկերակցութեամբ վարժարանի երգի ուսուցչուհի-ծնողք Նոյեմի Լոխմանեանի:
Ապա աշակերտները երգեցին «ՀՕՄի Վարժարան» վարժարանի քայլերգը, որուն հեղինակն էր տնօրէն Գէորգ Պետիկեան, իսկ երաժշտութեան յօրինումը՝ ծանօթ երաժշտագէտ՝ Արմէն Մանդակունեանի:
Աւանդութիւն դարձած Կաղանդ պապուկի սրահ խանդավառ մուտքէն ետք գործադրուեցաւ յայտագրի գեղարուեստական բաժինը: Այսպէս հինգէն մինչեւ տասնչորս տարիքը ունեցող շուրջ յիսուն աշակերտ-աշակերտուհիներ դասարանային կարգով մէկ առ մէկ հրամցուցին իրենց բաժինները զանազան արտասանութիւններով, մանկական ՝ կաղանդի ու ծննդեան յատուկ երգերով ճոխացած: Անոնք կաղանդ պապուկին ներկայութեան՝ մանկական, տօնական եւ ազգային խմբերգներու կողքին հրամցուցին խմբական եւ առանձին արտասանութիւններ, որոնք ընդունուեցան խանդավառ ծափողջիւններով ու ցնծութեամբ: Ներկաները ոգեւորուեցան մանուկներու ազգային եւ կենսալից շունչով հրամցուած երգերով ու ապագայի խոստումնալից յոյսերով։
Ծրագրուած յայտագիրին իր ծանրաբեռնուած նուէրներով կաղանդ պապան պարեց ու ցատկեց, գրաւելով յատկապէս փոքրերուն ուշադրութիւնը:
Հետաքրքրական էր տեսնել, Կաղանդ պապային կամ Ձմեռ պապուկին ներկայութեան փոքրերէն մինչեւ մեծահասակ բոլոր աշակերտներուն անօրինակելի ուրախութիւնը:
Աւելի հետաքրքրական էր նաեւ ականատես ըլլալ ներկաներուն յատկապէս ծնողներու արտայայտութիւններուն եւ ուրախութեան բացականչութիւններուն ի տես իրենց զաւակներուն անմեղ ,գրաւիչ կերպով հրամցուած ծրագրին:
Սրահը միշտ բուռն ծափահարութիւններով ողջունեց աշակերտներուն բոլոր ելոյթները:
Յայտագրի վերջին, տնօրէն Պետիկեան կրկին անգամ շնորահակալական խօսք ուղղելէ ետք ծնողներուն, մէկ առ մէկ բարի յիշեց ու ներկայացուց ուսուցչական կազմի անդամներ՝ Մայտա Գոճանեան, Նուշիկ Եատալեան, Լիզա Պետիկեանն ու Նոյեմի Լոգմանեանը, ինչպէս նաեւ կամաւոր կերպով օգտակար հանդիսացող ծնողք՝ Սօսի Գալըպճեան եւ սիրայօժար կերպով օգնող պարմանուհիներ՝ Սելլա Մարգարեան, Նայիրի եւ Նանոր Սըվաճեան քոյրերը, որոնց շնորհիւ կը կիրարկուի ուսումնական ծրագիրը:
Տնօրէնը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՕՄի տեղւոյն վարչութեան, ու յատկապէս վարժարանի յանձնախումբի պատասխանատու Ծաղիկ Գարտեանին, որ խոր գիտակցութեամբ եւ ամբողջական նուիրումով ՀՕՄուհի իր գործընկերուհիներուն հետ միատեղ կը հոգայ այս վարժարանի բոլոր կարիքները, հաւատալով որ հայապահպանման հիմնական պայքարը հայ դպրոցով կը սկսի:
Յայտագրի աւարտին ՀՕՄի «Թալին» մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի Էմմա Կարապետեան իր պաշտօնական սրտի խօսքին մէջ նախ բարձրօրէն գնահատեց հայ ուսուցիչին առաքելութիւնը, դրսեւորեց տնօրէն Գէորգ Պետիկեանի ուսումնական մարզէն ներս ունեցած փորձառութիւնը եւ ապա մեծապէս գնահատեց իբրեւ ուսուցիչ անոր վարժարանի վերելքին ու ուսումնական մակարդակին նկատմամբ տարած անսակարկ աշխատանքը: Ատենապետուհին նաեւ մեծապէս գնահատեց վարժարանի ուսուցչական կազմին ու յատկապէս տնօրէնի աշխատանքն ու ճիգերը եւ միաժամանակ շեշտեց ՀՕՄի սրբազան պարտականութիւններէն մէկուն՝ նոր սերունդի հայեցի դաստիարակութեան յատուկ տարուած աշխատանքներն ու զոհողութիւնները: Ապա երախտագիտութիւն յայտնեց բոլոր ծնողներուն անոնց այս վարժարանը բարգաւաճ դարձնելու ներդրումին, օժանդակութեան եւ վստահութեան:
Յանուն վարժարանի ծնողական յանձնախումբի իր սրտի խօսքով ելոյթ ունեցաւ նաեւ ծնողք Սալբի Պետոյեան: Իր կարգին Կաղանդ պապան բոլոր աշակերտներուն եւ սրահը ներկայ գտնուող փոքրերուն մէկական նուէրներ յանձնեց: Այս բոլորը անսովոր ուրախութիւն եւ գոհունակութիւն պատճառեց սրահի բոլոր ներկաներուն:
Խանդավառ, ուրախ եւ զուարթ, հայկական մշակութային հարուստ մթնոլորտով լեցուն յայտագրի պաշտօնական բաժնի աւարտին, ծնողները անձամբ մեծապէս գնահատեցին տարեկան այս ելոյթը:
Վերջաւորութեան, տեղի ունեցաւ վարժարանի ծնողական յանձնախումբի կողմէ պատրաստուած հիւրասիրութիւն, նաեւ վիճակահանութիւն:
(Թղթակցութիւնը՝
Շաբաթօրեայ Յանձնախումբի կողմէն)