ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը աշխատանք կը տանի Եգիպտոսի մէջ հարցեր դիմագրաւող հայաստանցի զբօսաշրջիկներուն վերադարձը ապահովելու։
Այս հարցը ծագած է, երբ «Էր Քարիօ» օդանաւային ընկերութիւնը յայտարարած էր, որ զբօսաշրջային «Ֆեսթա թուր» ընկերութիւնը իրեն չէ փոխանցած հայաստանցի զբօսաշրջիկներու տեղափոխումը կատարելու համապատասխան գումարը։ Միւս կողմէ, զբօսաշրջային ընկերութիւնը հաստատած է, որ ամբողջ գումարը փոխանցուած է, սակայն դրամատնային աշխատանքային օրուան աւարտին պատճառով գործարքը տակաւին կարելի չէ եղած ամբողջացնել։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Տիգրան Բալայեանի համաձայն, նախարարութեան գործադրած ջանքերուն շնորհիւ Հայաստանի քաղաքացիներու առաջին խումբը արդէն վերադարձած է հայրենիք:
Եգիպտոսի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը մնայուն կապի մէջ է հայաստանցի զբօսաշրջիկներուն հետ:
Մինչեւ առաջին խումբին վերադարձը Շարմ էլ Շէյխի մէջ իրենց վերադարձին կը սպասէին Հայաստանի 130 քաղաքացիներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.