ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Տարիներու բարի աւանդութիւն է Ամանորեան ու Ս. Ծննդեան տօնի մթնոլորտը տարածել հիւանդանոցներու մէջ գտնուող հիւանդներու։
Այս առումով, Ուրբաթ, Յունուար 4ին, առաւօտեան ժամը 11ին, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան յատուկ արարողութիւն եւ æրօրհնէք կատարեց Կլենտէյլի «Մեմորիըլ» հիւանդանոցի յարկին տակ՝ իր օրհնութիւններն ու բարեմաղթութիւնները բաշխելով հիւանդանոցի պատասխանատուներուն եւ նուիրեալ ծառայողներուն։ Առաջնորդ սրբազանին կ՛ընկերանային Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւները։ Ներկայ էր նաեւ Ազգ. վարչութեան անդամ տոքթ. Տիգրան Պապիկեանը։
Հիւանդանոցի մուտքին, առաջնորդ սրբազանն ու ընկերակիցները դիմաւորուեցան հիւանդանոցի վարչութեան նախագահ Ճեք Այվիի կողմէ, որ զիրենք առաջնորդեց հիւանադանոցի սրահը։ Ներկաներու շարքին էին հիւանդանոցի վարչական խորհուրդի անդամներէն իրաւաբան Սարգիս Ուրֆալեանը, հայ եւ ոչ հայ պաշտօնատարներ եւ կամաւոր գործողներ։
Արարողութեան ընթացքին, սրբազանը լուսաբանութիւններ տուաւ Ջրօրհնէքի արարողութեան մասին՝ նշելով, որ անիկա կը խորհրդանշէ Յորդանան գետին մէջ Յիսուսի մկրտութիւնը։ Ան բացատրեց նաեւ, թէ ջուրի օրհնութեան համար կը գործածուի սրբալոյս միւռոնը, որուն պատրաստութեան ու պատմականին մասին եւս տուաւ լուսաբանական բացատրութիւններ՝ նշելով, որ այսօր գործածուող միւռոնին մէջ կայ մաս մը՝ աւելի քան 1700 տարի առաջ օրհնուած միւռոնէն։ Ներկաները մեծ ուշադրութեամբ հետեւեցան այս լուսաբանութիւններուն։
Ճեք Այվի շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդին, որ այսօր եւ այլ տօնական հանգրուաններու այցելութիւններ կը շնորհէ հիւանդանոցին եւ կ՛առաջնորդէ նմանօրինակ արարողութիւններ։ Ան յատկապէս գոհունակութիւն յայտնեց ջրօրհնէքի ու միւռոնի մասին տրուած բացատրութեանց համար, որովհետեւ այս լուսաբանութիւններէն ետք արարողութիւնը կը դառնայ աւելի իմաստալից։
Արարողութեան աւարտին, ներկաները ստացան օրհնուած ջուր, իսկ առաջնորդ սրբազանն ու ընկերակիցները հիւրասիրութեան արժանացան հիւանդանոցի պատասխանատուներուն կողմէ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.