Ամերիկեան «Հերիթէյճ» հիմնադրամը եւ «Ուոլ Սթրիթ Ժուրնըլ» թերթը ներկայացուցած են աշխարհի ամէնէն ազատ տնտեսական դաշտ ունեցող երկիրներու վարկանշային ցանկը, զոր կը գլխաւորէ Հոնկ Քոնկը՝ 100 ընդհանուր արժեւորումէն ստանալով 89.3։ Երկրորդը Սինկափուրն է՝ 88 միաւորով: Առաջին հնգեակին մաս կը կազմեն Աւստրալիան, Նիւ Զելանտան եւ Զուիցերիան: Լաւագոյն տասնեակը կ՛եզրափակէ Միացեալ Նահանգները։
Հայաստանը կը նկատուի տնտեսական միջին ազատութիւն ունեցող երկիր եւ կը գրաւէ 38րդ դիրքը՝ 69.4 միաւորով: Փորձագէտներու համաձայն, հակառակ տնտեսական ազատութեան կարգ մը բաժանմունքներու մէջ ունեցած յառաջընթացին, Հայաստանի մէջ խնդիրներ կան դատական անկախութեան եւ կառավարութեան գործունէութեան թափանցիկութեան իմաստով: Որպէս գերակայ խնդիր կը յիշուի նաեւ փտածութիւնը, իսկ որպէս յառաջընթաց՝ տնտեսութեան աճն ու առեւտուրի վարման գործընթացի պարզացումը:
Վրաստանը 21րդն է, Թուրքիան՝ 69րդը, իսկ Ատրպէյճանը՝ 88րդը:
Ցուցակը կազմուած է 10 չափանիշներու հիման վրայ: Նկատի առնուած են տնտեսական ու առեւտրային ազատութիւններու աստիճանը, ներդրումային քաղաքականութիւնը, պետութեան միջամտութեան տարողութիւնը, փտածութեան գործօնը եւ այլն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.