Վենետիկի համալսարանի հայ լեզուի եւ մշակոյթի ամառնային խտացեալ դասընթացքը, գործակցութեամբ Պօ-Արաքս մշակութային ընկերակցութեան, տեղի պիտի ունենայ Օգոստոս 1-20: Քննութիւնները՝ Օգոստոս 21ին: Ժամանում՝ Յուլիս 30-31ին, իսկ մեկնում՝ Օգոստոս 22-23ին:
Դասընթացքը ունի չորս մակարդակ՝ բացարձակ սկսնակներէ մինչեւ յառաջադէմներ: Դասերը տեղի կ՛ունենան Երկուշաբթիէն Ուրբաթ օրելրը՝ հինգական պահ՝ առաւօտեան: Դասերու ներկայութիւնը պարտադիր է: Մասնակցութեան համար պահանջուած նուազագոյն տարիքն է 18:
Դիմումները պէտք է կատարել անձամբ եւ գրաւոր՝ նշելով միշտ հեռախօսի թիւ մը եւ Ե-նամակային (Email) հասցէ մը: Դասընթացքին զուգահեռ տեղի պիտի ունենան մշակութային այլեւայլ ձեռնարկներ: Փափաքողներուն ձրիաբար պիտի աւանդուին նաեւ դուդուկի եւ հայկական պարերու դասեր:
Արձանագրութեան սակն է՝ 700 եուրօ կամ համապատասխանը տարարժոյթով՝ ըստ օրուան սակին:
Այս գումարին 500 եուրոյի բաժինը պէտք է վճարուի կանխաւ՝ մինչեւ Մարտ 31. ապա պէտք է վճարուի 550 եուրօ՝ մինչեւ Յունիս 30, որ արձանագրութեան վերջին պայմանաժամն է:
Արձանագրութեան սակի մնացեալ մասը պէտք է վճարուի անպայման մուտքի օրը: Վարկաթղթային վճարում (Crdedit card) չընդունուիր: 10 տոկոսի զեղչ մը կը կատարուի անոնց, որոնք նախապէս լաւ արդիւնքով մասնակցած են դասընթացքին՝ գոնէ երկու անգամ:
Նոյն զեղչը կը կատարուի նաեւ միասին յաճախող մօտիկ ազգականներէն մէկուն (ծնողք, քոյր, եղբայր, կողակից): Արձանագրութեան սակը ոչ մէկ պարագայի կը փոխուի եւ կատարուած վճարումը որեւէ պատճառով ետ չի դարձուիր:
Ամէն վճարագիր (չեք), որ պէտք է անպայմանօրէն դրամատնային եւ միջազգային ըլլայ, պէտք է հասցէագրուի՝ ASSOCIAZIONE PADUS-ARAXES եւ ղրկուի Assoc. Padus-Araxes – c/o Dip. Studi Asiatici – San Polo 2035-30125 Venezia (Italia) հասցէին: Ընդունելի չեն անձնական եւ փոստային չեքերը: Ամէն չեք պէտք է ունենայ դրամատան երաշխիքը եւ յենու բաժնեկից իտալական դրամատան մը: Անոնք, որոնք կը նախընտրեն դրամատնային փոխանցումով (bank transfer) վճարել, պիտի ստանան այդ մասին հարկաւոր տեղեկութիւններ (հաշիւի թիւ եւլն.):
Դրամատնային բոլոր ծախսերը դիմողին կը պատկանին: Փոստի միջոցով փոխանցումը պէտք է կատարուի միայն միջազգային վճարագիրներու միջոցով՝ mandat-poste international/international money-order:
Կ՛ընձեռուի բնակութեան հնարաւորութիւն համալսարանական ուսանողատան մէջ՝ Վենետիկի պատմական կեդրոնէն ներս, օժտուած խոհանոցային յարմարութիւններով:
Յուլիս 30էն Օգոստոս 22 ժամանակաշրջանին, բնակութեան սակն է 820 եուրօ՝ առանձին սենեակի համար, 610 եուրօ՝ երկու հոգինոց սենեակի համար, երկու պարագային ալ՝ լոգարաններով օժտուած: Բնակութեան վճարումը, տուեալ ժամնակաշրջանին, ենթակայ չէ օրական հաշուարկումի:
Ճաշ մը կամ ընթրիք մը, համալսարանի սեղանատան կամ այլ պայմանագրուած հաստատութեան մը մօտ, պիտի արժէ 8-9 եուրօ:
Անոնք, որոնք կ՛ուզեն նշեալ թուականներէն աւելի առաջ ժամանել կամ ետք մեկնիլ, պէտք է իրենք հոգան իրենց բնակութեան յարմարութիւնը այդ օրերուն:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, Ե-նամակ մը ուղարկել հետեւեալ հասցէին՝ daniela@ padus-araxes.com:
Ի հարկին, հեռաձայնել +39.041.2414448 թիւին, Երկուշաբթի եւ Հինգշաբթի առաւօտները ժամը 10:30-2, կամ +39.347.4562981 թիւին, Երեքշաբթի, Չորեքշաբթի եւ Ուրբաթ իրիկունները ժամը 8-9:30 (Իտալիոյ ժամով):
Լաւ ստուգել երկիրներու միջեւ ժամերու տարբերութիւնը:
Բացակայութեան պարագային, կրկին փորձել եւ յստակ ու հասկնալի լուր մը թողուլ բջիջայինի ընկալուչին՝ նշելով անուն եւ հեռախօսի համար:
Երբեք չհեռաձայնել Վենետիկի համալսարանի գրասենեակները: Բջիջային համարին կարելի է հեռաձայնել նաեւ Երկուշաբթի եւ Հինգշաբթի առաւօտները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.