ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ».- Դեկտեմբեր 21ին տեղի ունեցաւ ՀՅԴ հիմնադրութեան 122ամեակի ժողովրդական տօնախմբութիւնը, մասնակցութեամբ հայկական յեղափոխական եւ ազգային երգերու մեկնաբան Գառնիկ Սարգիսեանի:
Այդ օր, երեկոյեան, ժամը 20էն արդէն հանրութիւնը կ՛աճապարէր տեղ գրաւելու համար Փարիզի 12րդ թաղամասի Espace de Reuilly-ի դահլիճին մէջ: Մուտքին կուսակցական երիտասարդներ կը բաժնէին եռագոյն յուշանուէրներ, դրօշակ, փողկապ:
Երեկոյթին բացումը կատարեցին պատանիները, որոնք երգեցին «Յառաջ Նահատակ», «Մեր Հայրենիք» երգերը, որմէ ետք, հանդիսավարը խօսք առնելով՝ խրախուսեց ներկաները ամսական 10 եուրոյով զօրակցելու Հայ Դատի պաշտպանութեան արշաւին, որուն ձեռնարկած է Ֆրանսայի Հայ Դատի գրասենեակը: Նպատակն է տարեկան մէկ միլիոն եուրօ հաւաքել՝ կարենալ պատշաճօրէն կազմակերպելու համար հայկական պահանջատիրական պայքարը եւ դիմակայելու թրքական պետութեան ժխտողական քարոզչութիւնը եւ գործողութիւնները:
Այս փոքր նախաբանէն ետք, Մուրատ Փափազեան, որ ՀՅԴ Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի համանախագահութիւնը կը բաժնէ Հրաչ Վարժապետեանի հետ, բեմ հրաւիրուեցաւ փոխանցելու օրուան պատգամը՝ ֆրանսերէնով:
Փափազեան, կուսակցութեան հակիրճ պատմականը ընելէ ետք, յիշեց բոլոր ազատամարտիկները, ֆետայիները, շարքայինները, որոնք պայքարած են Հայոց բարօրութեան, Հայ Դատի պաշտպանութեան համար:
Մեր օրերուն անդրադառնալով՝ ան յիշեց սուրիահայութեան ի նպաստ «Օգնի՛ր եղբօրդ» նախաձեռնութիւնը, մէկ առ մէկ թուեց ՀՅԴի տարած պայքարները Հայաստան-Թուրքիա համաձայնագիրներուն, Հայաստանի մէջ կաշառակերութեան եւ սակաւապետութեան դէմ եւ ընկերային արդար հասարակարգ մը ստեղծելու ի նպաստ:
Ինչ կը վերաբերի Ֆրանսայի՝ ան յիշեց CCAF-ի հետ սերտ գործակցութիւնը, նախագահ Հոլանտի աջակցութիւնը Հայկական դատին, Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի համար Ֆրանսայի կառավարութեան գործակցական վերաբերումը:
Բեմ հրաւիրուեցաւ նաեւ Հրաչ Վարժապետեան, որ շեշտեց ծառայելու գաղափարը, յիշեց կուսակցութեան ուխտը, որ իւրաքանչիւր կուսակցական կը կապէ հայութեան ծառայութեան: Ան կոչ ըրաւ չկառչելու քարացած տոկմաներու, ժամանակավրէպ չդառնալու, հետապնդելու գաղափարապաշտ տեսիլք մը:
Պաշտօնական ելոյթներու այս բաժնի աւարտին բեմ բարձրացաւ Գառնիկ Սարգիսեան, որ մէկ ու կէս ժամ առանց դադարի հնչեցուց հայկական յեղափոխական ու ազգային սիրուած երգերը՝ իսկական ժողովրդային տօնախմբութեան մթնոլորտ մը ստեղծելով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.