
ՄՈՆԹՐԷԱԼ, «Նոր Յառաջ».- Ֆրանսահայ ծանօթ գրող Մովսէս Պչաքճեանի «Անկարելի կարելին» թատերգութիւնը հրատարակուած է գրեթէ 40 տարիներ առաջ, բայց բեմադրուած է միայն երկու անգամ, եւ ընդհանրապէս մնացած է անծանօթ:
Ասիկա հաւանաբար այն պատճառով է, որ առաջին ակնարկով ան կը թուի երկար, նիւթը՝ դժուար, եւ բեմադրութիւնը՝ շատերու համար տաղտկալի:
Թէեւ անոր մանուածապատ փիլիսոփայութիւնը կը պարունակէ սուր երգիծական անակնկալներ եւ մարդու միտքը խթանող հին բայց այսօրուան ալ պատշաճող կեանքի փորձառութիւններ:
Մասամբ, այս թատերգութեան ապրած «անարդարութեան» դարման բերած է Մոնթրէալի Թէքէեան Մշակութային Միութեան «Հայ բեմ» թատերախումբը, որ 2012 Դեկտեմբեր 1ին եւ 2ին քաղաքի Պօպուա միջնակարգի հանդիսասրահին մէջ, զայն բերնէ բերան լեցուցած արուեստասէրներուն հրամցուցած է Պչաքճեանի ստեղծագործութիւնը, մշակումովը եւ բեմադրութեամբը՝ Նանսի Իսսա Թորոսեանի:
Ներկայացումները արձանագրած են մեծ յաջողութիւն, հակառակ անոր, որ երիտասարդ 10 դերակատարները առաջին անգամ բեմ կը բարձրանային:
Ատոր մէջ, բեմադրիչին՝ Ն. Իսսա Թորոսեանի վաստակը անուրանալի եղած է անկասկած, առանց մոռնալու տասնեակ մը խանդավառ օժանդակողներու մասնակցութիւնը:
Ներկայացման աւարտին բեմ հրաւիրուած է հեղինակը՝ Մովսէս Պչաքճեան, որ յատկապէս այս առիթով Փարիզէն ժամանած էր Մոնթրէալ: Ներկաները երկարատեւ յոտնկայս ծափահարութիւններով յայտնած են իրենց գնահատանքը:
«Հայ բեմ»ը ներկայիս կը պատրաստուի ներկայացնելու Ռիշար Քալինոսքիի «Գազանը լուսնին վրայ» թատերգութիւնը: