
Առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի հանդիսապետութեամբ եւ մասնակցութեամբ Լոս Անճելըս շրջանի հոգեւորականներուն, Սուրբ Ծննդեան տօնին առթիւ Հինգշաբթի, Յունուար 3ին Ս. պատարագ մատուցուեցաւ եւ ապա Ջրօրհնէք կատարուեցաւ Միշըն Հիլզի «Արարատ հայ տարեցներու տան» մէջ: Պատարագը մատոյց Արշակ Ա. քհնյ. Խաչատուրեանը, իսկ օրուան հոգեւոր պատգամը փոխանցեց առաջնորդը, որ նաեւ շնորհաւորեց բոլորին Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը:
Պատարագի աւարտին Ջրօրհնէքի արարողութիւն կատարուեցաւ նաեւ Հիւանդանոցի բաժինին մէջ: Սրբազան հայրը դարձեալ տուաւ իր հոգեւոր պատգամը, գնահատեց «Արարատ տան» վարչութեան եւ հոգատարներուն նուիրեալ ծառայութիւնները, շնորհաւորեց բոլորին Նոր Տարին եւ Սուրբ Ծնունդը եւ աղօթեց անոնց առողջութեան համար:
Նոյն օրը, յետմիջօրէին, Իկըլ Ռաք գտնուող «Արարատ հայ տարեցներու տան» մէջ Յովսէփ Ա. քհնյ. Յակոբեանի գլխաւորութեամբ կատարուեցաւ Ջրօրհնէքի եւ Տնօրհնէքի արարողութիւն: