ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Արդէն գաղտնիք չէ, ոչ ալ զարմանք կը պատճառէ այլեւս, որ Հայաստանի 2013ի նախագահական մրցապայքարին գլխաւոր առանձնայատկութիւնը անոր ըստ ամենայնի կանխորոշուած ըլլալն է։
Ոչ ոք կը տարակուսի, որ Հայաստանի գործող նախագահը պաշտօնավարութեան երկրորդ շրջանի մը համար հանրապետութեան նախագահ պիտի վերընտրուի։
Նաեւ ոչ ոք անակնկալի պիտի գայ, եթէ առանց լուրջ մրցակիցի յառաջ մղուող նախագահական այս ընտրութեանց՝ մասնակցութիւն բերէ նախորդէն աւելի մեծ տոկոս մը քուէարկողներու։
Իսկ ամէնէն ուշագրաւը այն է, որ, Փետրուար 18ին նախատեսուած քուէարկութեան տակաւին ամիս մը մնացած, ոչ ոք սիրտ ունի լրջօրէն հետեւելու եւ ստուգապէս գիտնալու, թէ քաղաքական ի՛նչ ծրագրով եւ գաղափարական իր ո՛ր առաջադրանքներուն համար Սերժ Սարգսեան նախագահ պիտի վերընտրուի…
Հիմնաւոր ի՞նչ պատճառ կամ յուսադրիչ տուեալ կայ, որպէսզի հայ մարդը խանդավառուի եւ սպասումներու հրճուանքով վազէ գործող նախագահական իշխանութեան կողմէ փուչիկներու պէս օդը արձակուած գաղափարներուն ետեւէն։
Որքան ալ փայլփլուն, գունազարդուած ու հնչեղ թուին իշխանութեանց նախագահական թեկնածուին առաջադրած բարեկարգչական գաղափարները, ոչ ոք կը մոռնայ կամ կ՛անտեսէ, թէ Սերժ Սարգսեան գլխաւոր ճարտարապետներէն մէկն է այսօր մեր երկրին մէջ իշխող կառավարման համակարգին՝ անոր անարդար ու խաթարուած սիւներուն։
Աւելի՛ն. ամէնէն անտարբեր քուէարկողն իսկ կը գիտակցի, որ երկու տարիէ ի վեր ՀՀ գործող նախագահը ձեռնամուխ եղած է պետական լծակներու, միջոցներու եւ հնարաւորութեանց միակողմանի ու անհաշիւ օգտագործումին, որպէսզի կարենայ ներ– քաղաքական դաշտին պարտադրել իր նախագահ վերընտրութեան ծառայող ուժերու վերադասաւորում մը՝ համապատասխան գովազդային քարոզարշաւ մը ծաւալելով։ Օրէնքը շրջանցող նախընտրական քարոզարշաւ մը յառաջ մղուեցաւ կամակորութեամբ, ուր ի մի բերուեցան վերջին քսանամեակին հոսկէ կամ հոնկէ հրապարակ նետուած հնչեղ գաղափարներ, զանոնք պսպղուն զարդարանքի արժանացնելով, իշխանութեան ղեկին գտնուող քաղաքական ուժին սեփականաշնորհելով եւ այս վերջինի հաշւոյն ընտրապայքարի կարգախօսներու վերածելով։
Անշո՛ւշտ, գրաւիչ շատ բան կայ այդ կարգախօսներուն մէջ։
Ո՞վ պիտի չուզէ իրականացած տեսնել մեր երկրին ժողովրդավարական զարգացումը. իշխանութանց թեւերուն միջեւ փոխադարձ հակակշռի ու հաւասարակշռութեան պահպանումը. օրէնքի առջեւ եւ գործնապէ՛ս բոլոր քաղաքացիներուն իրաւահաւասարութիւնն ու ընկերային պաշտպանուածութիւնը. քաղաքական խաթարուածութեան ու ստուերային իշխանութեան դէմ հետեւողական պայքարը. մենաշնորհներու եւ չարաշահութեաց յաղթահարումը. հզօր բանակի կառուցումն ու մեր սահմաններուն պաշտպանութիւնը. Հայաստանի շրջափակման ջնջումը. Արցախի ազատագրութեան միջազգային իրաւական ամրագրումը. Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումն ու դատապարտումը. Հայաստան–Սփիւռք միասնութեան արմատաւորումը եւ-այլն։
Տակաւի՛ն. ո՞վ կրնայ դէմ ըլլալ ազգային–քաղաքական ու պետական–հասարակական այս հիմնական առաջադրանքներէն բխող կառավարման համակարգի ա-ռանձին բնագաւառներու բարեփոխման մանրամասն առաջադրանքներուն։
Բայց հարցը առաջադրուած կարգախօսներուն գրաւիչ ըլլալը կամ չըլլալը չէ, այլ նախ՝ ընդունելի առաջադրանքներու գովազդման կողքին ու անոնց ետեւէն, հանրային կարծիքը ապակողմնորոշող քարոզչական արդարացումն է նախագահական այս իշխանութեան ծանրակշիռ ձախողութիւններուն, ինչպիսին եղան տխրահռչակ Հայեւթուրք Արձանագրութեանց ստորագրութիւնն ու արտագաղթի նորագոյն ալիքին դէմ յանդիման դրսեւորուած անտարբերութիւնն ու պիղատոսեան ձեռնթափութիւնը։
Աւելի ծանրակշիռը գործող նախագահի պաշտօնավարութեան հինգ տարիներուն ընթացքին պետականօրէն կիրարկուած գաղափարներու արժեզրկման վարքագիծն է։ Գործող իշխանութեանց կողմէ հետեւողական ճիգ թափուեցաւ իմաստազրկելու եւ նսեմացնելու գաղափարական այն արժէքները, որոնք անփոխարինելի շաղախը կը կազմեն մեր հասարակութեան եւ ազգային գիտակցութեան։
Ո՛չ. պայքար չմղուեցաւ գաղափարական այդ հիմնարար արժէքներուն դէմ։ Ընդհակառակն՝ ծրագրուած աշխատանք տարուեցաւ իբր թէ տէր կանգնելու մեր հասարակութեան արժէքային համակարգին, բայց նմանակումէ անդին չանցաւ ատիկա։
2008ի Մարտիմէկեան ողբերգութեան մութ ծալքերը իբր թէ բացայայտելու եւ դարմանելու քաղաքական «թատրոն»ով ճամբայ հանուեցաւ այդ վարքագիծը, որ յառաջ մղուեցաւ Հանրային Խորհուրդի կազմութեամբ ու հասարակական վարկ վայելող գործիչներու եւ միաւորներու իշխանութեան երդիքին տակ համախմբումով։ Բայց հասարակութեան հետ մնայուն կապ պահպանող իշխանութեան մը գովազդէն անդին չանցան այդօրինակ քայլերը եւ խրամատը շարունակ խորացաւ իշխանութեան ու հասարակութեան միջեւ։ Խորթացման արմատաւորումին հետ վարկաբեկուեցան նաեւ ժողովուրդի պահանջներուն հաղորդակից եւ ունկնդիր իշխանութիւններ ունենալու յոյսն ու բարեփոխման գաղափարները։
«Ֆութպոլային դիւանագիտութեան» աւելի քան միամեայ բեմադրութիւնն ու Հայեւթուրք Արձանագրութեանց ստորագրումին հետեւող ՀՀ նախագահին ազգային–քաղաքական տարուբերումներն ու «զիկ–զակ»ները եկան կարծրացնելու ապագաղափարական նկարագիրը գործող իշխանութեանց։ Տնտեսական ճգնաժամի ծանրացման եւ արտագաղթի ալիքի ահագնացման պայմաններուն մէջ իսկ, գործող նախագահը չփոխեց միայն խօսքով գաղափարական արժէքներուն կարեւորութիւն ընծայելու, իսկ գործով նոյն այդ արժէքները ոտնակոխող իշխանաւորներու շրջանակով մը յառաջ քալելու իր վարքագիծը – իշխանութեան իր դիրքերը ամէն գնով ամրապնդելու հրամայականէն անդին ոչ մէկ «առաջնահերթութիւն» ընդունող վարքագիծը։
Այդպէ՛ս պատրաստուեցաւ հողը Սերժ Սարգսեանի նախագահ վերընտրութիւնը պարտադրելու աննախընթաց գայթակղութեան, որ գործող նախագահին քաղաքական կենսագրութեան ամէնէն ախտանշական էջը կազմեց։ Նախագահական ընտրութենէն երկու տարի առաջ, 2011ի գարնան, գործող նախագահը պարտադրեց իր առաջացուցած կառավարական համախմբումի անդամներուն, որ պաշտօնապէս համաձայնագիր ստորագրեն՝ աշխատելու ի նպաստ իր նախագահ վերընտրութեան…
Մնացեալը տխուր եւ ամօթալի պատմութիւնն է 2012ի Մայիսին նախագահի հակակշռին ենթակայ խորհրդարանի մը ձեւաւորումին եւ, անոր չարաչար օգտագործումով, 2013ի նախագահական ընտրութեանց նախապատրաստումին։
Նոյնիսկ ՀՀ երկրորդ նախագահը՝ Ռոպերթ Քոչարեան, որ ամէն ճիգ թափեց մեր երկրի նախագահական աթոռը երկարամեայ իր գործակիցին՝ Սերժ Սարգսեանին փոխանցելու համար, ի տես հանրապետութեան արժէքային համակարգին այս աստիճան թաւալգլոր անկումին, երկու օր առաջ մամուլին տրուած հարցազրոյցի մը մէջ չկրցաւ զսպել իր պոռթկումը եւ ստիպուեցաւ խոստովանիլ, որ «մանրածախ քաղաքական առեւտուր»ի շուկայի մը վերածուած է Հայաստանի ներքաղաքական դաշտը, ուր չարժեր ժամանակ եւ ուժ վատնել….
Նախորդ նախագահի համոզումով՝ «Յայտնի է, որ առանց մրցակցութեան իշխանութիւնը գուցէեւ հանգիստ է քնում, բայց ժողովուրդը, որպէս կանոն, վատ է ապրում։ Կառավարութեան հանգիստ ու հանդարտ ջանքերով շատ դժուար է լինելու կոտրել այս միտումները: Մեզ շատ աւելին է պէտք: Այն, ինչը կը մոբիլիզացնի հասարակութեանը, հաւատ կը ներշնչի եւ կը մղի գործողութիւնների: Յոյսով եմ, որ իշխանութիւնը կը յաղթահարի այս մարտահրաւէրները»։
Դժուար է կիսել Հ.Հ. երկրորդ նախագահին այն յոյսը, թէ անվիճելիօրէն «վերընտրուող» նախագահը պիտի ուզէ կամ ի վիճակի պիտի ըլլայ յաղթահարելու մարտահրաւէրները։
Երբ նոյնինքն գաղափարներու ոգին «մանրածախ քաղաքական առեւտուր»ի շուկային մէջ աճուրդի հանած իշխանութեան կը վերաբերի խօսքը, առնուազն ինքնախաբէութիւն է նման յոյսեր փայփայելը։
–Այս Էջը Կը Հովանաւորէ
ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆ