
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմինիա Նաու».- Երեքշաբթի, Յունուար 15ին, ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի նիստին ընթացքին, Հայաստանի ներկայացուցիչը դատապարտած է Ատրպէյճանի կողմէ ատելութեան քարոզումը, ահաբեկչութեան դէմ պայքարի քննարկման ընթացքին:
Դիմելով «Համապարփակ մօտեցում ահաբեկչութեան դէմ պայքարին» քննարկման մասնակիցներուն՝ Հայաստանի ներկայացուցիչը՝ դեսպան Կարէն Նազարեանը, անդրադարձած է Ատրպէյճանի մէջ պետական մակարդակով ատելութեան քարոզումի հարցին՝ ազդարարելով, թէ նման քարոզչութիւն կրնայ սնուցել ահաբեկչութեան յանցագործութիւնը, ինչպէս նաեւ չկարգաւորուած հակամարտութեան պատրուակով զէնքերու եւ զինամթերքի հսկայական կուտակումներ:
Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան՝ Նազարեան կոչ ըրած է այս թշնամանքը փոխարինելու հանդուրժողականութեամբ եւ երկխօսութեամբ, միաժամանակ անթոյլատրելի համարելով ահաբեկչութեան համեմատումը՝ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի իրականացման համար մղուող պայքարի հետ, ինչպիսին է Լեռնային Ղարաբաղի պայքարը, որուն ընթացքին բնիկ հայեր կը ձգտին իրենց անկախութեան միջազգային ճանաչման:
Դեսպանը նաեւ նշած է, որ հայ-թրքական փակ սահմանը նոյնպէս բացասաբար կ՛ազդէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ միջպետական համագործակցութիւնը սերտացնելու ջանքերուն վրայ: