
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի մէջ վերջապէս հասկցած են, որ միջազգային ատեաններու մէջ գաղթականներու մասին տեղի-անտեղի խօսելու փոխարէն՝ անհրաժեշտ է լուծել Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան նկատմամբ իրենց վայրագ քաղաքականութեան պատճառով գաղթական դարձած սեփական քաղաքացիներու տեղաւորման հարցը: Կը թուի, թէ Պաքուն հաշտուած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան իրողութեան եւ Արցախը Ատրպէյճանին վերադարձնելու անհնարինութեան հետ, ինչպէս նաեւ այն փաստին հետ, որ 20 տարիներէ ի վեր Պաքուի եւ Ատրպէյճանի տարբեր շրջաններուն մէջ բնակող արդէն սերնդափոխուած փախստականները կը ցանկանան ապրիլ իրենց երկրին մէջ:
Այս է պատճառը, որ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը որոշած է Պաքուի հանրակացարաններուն մէջ բնակող 90 հազար փախստականներու համար նոր աւան կառուցել, Պաքուէն 20 քլմ. հեռաւորութեան վրայ գտնուող Ապշերոն շրջանին մէջ, ուր արդէն իսկ աշխատանքներ կը տարուին այդ ուղղութեամբ:
Ըստ ատրպէյճանական «contact.az» լրատուական կայքին՝ Ատրպէյճանի փոխվարչապետ, գաղթականներու պետական յանձնախումբի ղեկավար Ալի Հասանով այս ծրագիրին մանրամասնութիւնները փոխանցած է կառավարութեան, Յունուար 15ին տեղի ունեցած յատուկ նիստի մը ընթացքին: Ան նշած է, որ 110 հազար այլ գաղթականներու համար բնակարաններ կառուցելու նպատակով այլ տարածք մը յատկացնելը անհրաժեշտութիւն մըն է: Ըստ անոր՝ այդ գաղթականները ժամանակաւորապէս կը բնակին զօրամասերու, դպրոցներու, մանկապարտէզներու կամ գրաւուած բնակարաններու մէջ: 2003էն ի վեր, երբ Իլհամ Ալիեւ իշխանութեան գլուխ անցաւ, քարիւղի հիմնադրամի եւ այլ աղբիւրներու միջոցներով՝ ցարդ 140 հազար գաղթականներու համար 31,000 բնակարաններով 77 աւաններ կառուցուած են:
Հասանով յայտնած է նաեւ, որ գաղթականներուն կեանքի պայմանները եւ այլ խնդիրներ լուծելու համար, 2013ին, կառավարութեան եւ միջազգային տարբեր կազմակերպութիւններու կողմէ պիտի յատկացուի 575 միլիոն մանաթ (մօտաւորապէս 735 միլիոն տոլար): Ան նշած է, որ վերջին 20 տարիներուն, գաղթականներու եւ բռնի տեղահանուածներու ընկերային խնդիրները լուծելու համար, 4.3 միլիառ մանաթ (մօտաւորապէս 5.5 միլիառ տոլար) ծախսուած է: