
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորմամբ զբաղող ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակը դատաւոր չէ, այլ միայն միջնորդ. Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին այսպէս ըսած է Հայաստանի մօտ Ամերիկայի արտակարգ ու լիազօր դեսպան Ճան Հեֆըրնը՝ պատասխանելով այն հարցումին, թէ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակը ինչպէ՞ս կրնայ օգնել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծման հարցով, մինչ Ատրպէյճանի նախագահը շարունակաբար սպառնալիքներ եւ հակահայկական յայտարարութիւններ կը կատարէ:
«Ամերիկայի Ձայն» կայանի հաղորդումով՝ Հեֆըրն նշած է, որ անհրաժեշտ է բանալ հայ-թրքական սահմանը՝ ընդգծելով առեւտրական ու տնտեսական կապերը ամրապնդելու կարեւորութիւնը:
Անդրադառնալով Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին՝ դեսպանը նշած է, որ 1915ի իրադարձութիւններու որակման հարցը կ՛որոշուի Միացեալ Նահանգներու բարձրագոյն ատեաններուն մէջ, կամ ընտրեալ քաղաքական գործիչներու կողմէ, եւ ոչ թէ դեսպաններու կողմէ:
«Հայաստանի եւ Ամերիկայի միջեւ առկայ են բաւական ամուր քաղաքական յարաբերութիւններ եւ անոնց ապացոյցն է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի Հայաստանի Հանրապետութիւն կատարած այցելութիւնը», աւելցուցած է դեսպանը՝ նշելով, որ տնտեսական կապերը կարելի է բարելաւել:
Հեֆըրնի համաձայն՝ Երեւանի մօտ ամերիկեան դեսպանատան պարտականութիւններէն մէկն է՝ «օգնել հանրապետութեան, որ դառնայ ժողովրդավարական, ծաղկող եւ ապահով երկիր մը»: