
ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՕ.- Մոնթեպելլոյի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Ճեք Հաճինեանի գրասենեակը կը տեղեկացնէ, թէ Հաճինեան նշանակուած է Քալիֆորնիոյ քաղաքներու միութեան Բնակարանային, համայնքային ու տնտեսական զարգացման հարցերու յանձնախումբի անդամ:
Նշանակումը կատարուած է նկատի ունենալով Հաճինեանի երկարամեայ փորձառութիւնը կալուածներու առուծախի մարզէն ներս:
Հաճինեան ներկայիս նաեւ անդամ է Սան Կապրիէլ հովիտի ու «Կէյթուէյ» քաղաքներու կառավարութեանց վարչութեանց, ինչպէս նաեւ՝ Ալամիտայի շինարարական մարմինի վարչութեան: