ՇԸՐՄԸՆ ՕՔՍ.- Ուրբաթ, Յունուար 25ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, «Մերտինեան» վարժարանի սրահին մէջ (13330 Riverside Dr. Sherman Oaks, CA 91403) տեղի պիտի ունենայ հայկական քարտէսագիտութեան նուիրուած դասախօսութիւն մը, որուն ընթացքին ան պիտի քննարկէ վերջին 2600 տարիներուն ընթացքին միջազգային ու հայկական քարտէսներու մէջ Հայաստանի ներկայացումը: Ան նաեւ պիտի յստակացնէ, թէ ինչո՛ւ անհիմն են Ատրպէյճանի ներկայ իշխանութեանց այն պնդումները, որ Ատրպէյճան գոյութիւն ունցած էր 1918էն առաջ:
Երեկոյի դասախօսն է Ռուբէն Կալչինեանը, որ հայկական քարտէսագիտութեան մասնագէտ մըն է եւ այդ նիւթին նուիրուած շարք մը հատորներու հեղինակը:
Հայաստանի Վանաձոր քաղաքին մէջ կատարած իր մարդասիրական աշխատանքներուն համար, ան արժանացած է Վանաձորի «Ազատութիւն» մրցանակին՝ 2006ին, իսկ 2008ին, ան պատուոյ դոկտորի կոչում ստացած է Հայաստանի Գիտութեանց ակադեմիայէն: Ապա՝ 2009ին, արժանացած է «Վազգէն Ա.» շքանշանին:
Դասախօսական սոյն ձեռնարկը կազմակերպուած է «Արփա» հիմնարկին կողմէ: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել տոքթ. Յակոբ Փանոսեանին՝ (818) 453-0618 թիւով կամ info@ARPAInstitute.org հասցէով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.