
ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Դեկտեմբեր 12ին, Փասատինայի Հայ Դատի յանձնախումբի դրամահաւաքի «Սիկառի երեկոյ»ն ի մի բերաւ յանձնախումբի անդամներն ու անոր համակիրները, Մոնրովիա քաղաքի «Կարտըն Կրիլ» ճաշարանին մէջ:
Ներկայ էին նաեւ Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ Էնթընի Փորթանթինօ, Փասատինայի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Ճին Մասուտա, քաղաքի ոստիկանապետ Ճան Փերեզ, քաղաքի գանձապահ Վիք Երկանեան, Արքետիա քաղաքի Յունական փառատօնի յանձնախումբի անդամ Ճիմ Խրիսթօ եւ Փասատինայի ոստիկանութեան հայկական հարցերու խորհրդական Հէրի Գուլաճեան:
Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Փասատինայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան եւ յանձնախումբի գործիչներէն Տէյվիտ Ճորճ Գէորգեանի ջանքերով: Վերջինս նաեւ ստանձնած էր ձեռնարկի հանդիսավարի պարտականութիւնը:
Ձեռնարկին ընթացքին կատարուեցան յատկանշական նուիրատուութիւններ, որոնք պիտի տրամադրուին Հայ Դատի գործունէութեան, որ պիտի գայ աւելնալու 2012ին արձանագրուած յաջողութիւններուն վրայ:
Արդարեւ, անցեալ տարուան ընթացքին, Փասատինայի Հայ Դատի յանձնախումբին ջանքերով կարելի եղաւ Հայկական Ցեղասպանութեան դասընթացքներ ներառել քաղաքի վարժարաններու դասաւանդութեանց ցանկին մէջ, ինչպէս նաեւ կարելի դարձաւ ընտրութեանց ընթացքին հայութեան ձայնը աւելի հաւասարակշռուած ձեւով ներկայացնել՝ ընտրատարածքները վերադասաւորելու աշխատանքին շնորհիւ:
Նաեւ, Փասատինայի Հայ Դատի յանձնախումբը ներկայացուցիչներ ունեցաւ քաղաքին մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան յուշարձան մը կառուցելու նպատակով կազմուած համագաղութային մարմինին մէջ: Արդարեւ, Փասատինայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Շողիկ Եփրեմեանը ստանձնած է այդ աշխատանքը համակարգելու պարտականութիւնը, իսկ Տէյվիտ Ճորճ Գէորգեանը այդ մարմինին գանձապահն է:
Անցեալ տարուան ընթացքին, վարչութեան անդամներ Եփրեմեանի, Տօնիկ Տօնապետեանի, Վաչէ Սարգիսեանի, Վահէ Մաճառեանի եւ Կրեկ Ապաճեանի ջանքերով, կարելի եղաւ համայնքային շարք մը ձեռնարկներ իրականացնել Փասատինայի Հայ երիտասարդական կեդրոնէն ներս, մինչ Նարինէ Գարագաշեան ստանձնեց Փասատինայի միացեալ կրթաշրջանին հետ յարաբերութեան պարտականութիւնը: Եփրեմեան եւ Գարագաշեան նաեւ գործօն մասնակցութիւն բերին Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի «ՀայՎոթզ» նախաձեռնութեան եւ Փասատինայի կին քուէարկողներու միութեան հետ, աւելի մեծ թիւով հայ քուէարկողներ ապահովելու նպատակով: