ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Պաքուի, Սումկայիթի, Մարաղայի ցեղասպանութիւններու, Ատրպէյճանի ու Արցախի մէջ 1987-1992 թուականներուն տեղի ունեցած այլ իրադարձութիւններու մասին մանրամասն եւ ճշգրիտ տեղեկատուութիւն ստանալու համար կարելի է յետ այսու դիմել KarabakhRecords.info կայքէջին: Անիկա ստեղծուած է Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հանրային կապերու եւ տեղեկատուութեան կեդրոնի «Սովորական Ցեղասպանութիւն» նախագիծի ծիրին մէջ:
Նախագիծի ղեկավար Մարինա Գրիգորեան՝ կայքէջի շնորհահանդէսին նուիրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին կոչ ուղղեց վերոյիշեալ նիւթերուն մասին անդրադառնալու ատեն նկարներ, վկայութիւններ, տեսանիւթեր եւ այլ տեղեկատուութիւն քաղել KarabakhRecords.info-էն, որովհետեւ հոն տեղ գտած տեղեկատուութիւնը կը համապատասխանէ իրականութեան:
Կայքէջը հնգալեզու է, հիմնական տեղեկատուութիւնը ռուսերէնով է: Կայքէջի աշխատակազմը պատրաստ է քննարկելու նշուած իրադարձութիւններուն առնչուող բացառիկ նիւթեր կայքէջին վրայ տեղադրելու որեւէ առաջարկ:
Մարդու իրաւունքներու առաջին պաշտպան Լարիսա Ալաւերդեանը, որ ծնած է Պաքու, յիշեցուց Ցեղասպանութեան կանխարգիլման եւ պատիժի մասին ՄԱԿի ուխտը: Ան ցաւով նշեց նաեւ, որ Ատրպէյճանի մէջ կազմակերպուած ջարդերէն տուժածներուն համար ընկերային պաշտպանուածութեան որեւէ դրութիւն չկայ, նոյնիսկ Հայաստանի մէջ, քանի որ երկրի քաղաքական վերնախաւը դեռ բաւականաչափ չէ զարգացած այդ գիտակցութեան հասնելու համար:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.