«Ֆրիտըմ Հաուս» իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը հրապարակած է «Ժողովրդավարական բեկումներ հաւասարակշռութեան մէջ» խորագիրով տարեկան զեկոյցը:
2012 թուականին աշխարհի ճանչցուած եւ չճանչցուած երկիրներուն մէջ քաղաքական ազատութեան մակարդակը ներկայացնող զեկուցումին մէջ «ազատ երկիրներ» նկատուած են աշխարհի 195 պետութիւններէն 90ը, որոնց մէջ կը բնակի 3 միլիառէ աւելի մարդ՝ աշխարհի ամբողջ բնակչութեան 43 տոկոսը: 58 պետութիւն նկատուած է «մասնակի ազատ», հոն կը բնակի 1 միլիառ 613 միլիոն 858 հազար մարդ՝ աշխարհի բնակչութեան 23 տոկոսը: Իսկ մնացեալ 24 տոկոսը՝ 47 երկիր, ուր կ՛ապրի 2 միլիառէ աւելի մարդ, նկատուած է «ոչ ազատ»:
Հայաստան մաս կազմած է «մասնակի ազատ» երկիրներուն. նշուած է, որ Հայաստանի վարկանիշը բարձրացած է 2012 թուականի Մայիսին կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք:
Նշենք, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը ոչ ազատ երկիրներու շարքէն անցած է մասնակի ազատներու շարքին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.