ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վիքթորիա Նիւլընտ, պատասխանելով լրագրողի մը հարցումին՝ Չորեքշաբթի, Յունուար 16ին յայտարարեց, թէ Ուաշինկթըն ոչ մէկ փաստ ունի, թէ Սուրիոյ զինուորական ուժերը քիմիական նիւթեր գործածած են ապստամբներու դէմ իրենց պայքարին մէջ: Ամերիկեան «Ֆորէյն Փալըսի» թերթը մէկ օր առաջ հաղորդած էր, թէ Պոլսոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու հիւպատոսութիւնը արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկացուցած է, որ սուրիական վարչակարգը Դեկտեմբերին Հոմսի մէջ քիմիական զէնք օգտագործած է:
Նաեւ, մինչ կը հաղորդուէր, թէ Սուրիոյ տարբեր շրջաններու մէջ զինեալ ընդհարումները կը շարունակուին, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը, ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին եւ ընդհանուր քարտուղարին ուղղած իր նամակներուն մէջ քննադատեց այն իրողութիւնը, որ ՄԱԿը ցարդ չէ դատապարտած Հալէպի համալսարանին դէմ Երեքշաբթի օր տեղի ունեցած ահաբեկչական գործողութիւնը, որ 87 զոհ խլեց:
Նախարարութիւնը կոչ ուղղեց ՄԱԿին՝ «դատապարտելու ահաբեկչական այն ոճիրները, ներառեալ՝ այս ջարդը, որուն ենթարկուեցան Հալէպի համալսարանի ուսանողները, աշխատակիցները եւ հոն ապաստանած քաղաքացիները, որովհետեւ երկակի չափանիշներ օգտագործող, Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան զօրակցող եւ այլուր զայն դատապարտող երկիրներուն համար այդ մէկը մերժելու որեւէ արդարացում չմնաց»:
Յայտնենք, թէ Յունուար 16ին Իտլիպ նահանգին մէջ ականուած երեք ինքնաշարժներով յարձակում մը 24 զոհ պատճառած էր:
Սուրիոյ պետական «Սանա» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Հալէպի համալսարանին դէմ յարձակումէն ետք, սուրիական բանակը Հալէպի մէջ յարձակումներ շղթայազերծած է մասնաւորաբար Պապ Ըլհատիտ եւ Պապ Ըլքասր շրջաններուն դէմ, ինչպէս նաեւ Լերամունի դէմ, ուրկէ, ըստ պետական աղբիւրներու, արձակուած էին Հալէպի համալսարանը հարուածած հրթիռները:
Յունուար 17ին, Լիբանանի մօտ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտըլ Քերիմ Ալի կոչ ըրաւ կասեցնելու զէնքերու դէպի Սուրիա մաքսանենգումը:
Նաեւ, Աւստրիոյ նախագահ Հայնզ Ֆիշըր յայտարարեց, թէ Սուրիոյ մէջ «բռնապետութիւն մը բռնի ուժով մէկ այլ բռնապետութեամբ փոխարինելու փորձը տագնապին լուծում մը չէ եւ սուրիացի ժողովուրդին փափաքած բարելաւումին պիտի չառաջնորդէ»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.