ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Հանճարեղ Պարոնեանը իրաւունք ունէր պնդելու, որ լալու փոխարէն պէտք է ծիծաղիլ մեր թերութեանց վրայ, որպէսզի կարենանք տոկալ ու գոնէ չմեռնի զանոնք սրբագրելու յոյսը։
Այդ առումով վստահաբար իրաւացի են հայրենի այն հրապարակախօսները, որոնք երկու օր առաջ պաշտօնապէս սկսած ընտրական քարոզարշաւին առաջին իսկ քայլերէն նախընտրեցին թափ տալ իրենց երգիծական շնորհներուն, որպէսզի ըստ երեւոյթին թէ՛ իրենք, թէ՛ քուէի իրաւունք ունեցող Հայաստանի Հանրապետութեան (ՀՀ) քաղաքացիները կարենան ողջ–առողջ դուրս գալ Փետրուար 18ի նախագահական ընտրութեանց… քաղաքական ողբերգութենէն։
Հրապարակագիր մը դիտել կու տայ, օրինակ, թէ մարդիկ Ամանորի գալուն այս աստիճան անհամբեր չէին սպասեր, որքան որ կը սպասեն… ընտրութեանց աւարտին։
Երկրորդ մը կ՛աւելցնէ, որ թիւրիմացաբար «նախագահական ընտրութիւն» անունը կը տրուի… պարզապէս «գործող նախագահի վերահաստատումին»։
Ուրիշ մը կը ձայնակցի՝ կատարելով այն յաւելումը, թէ իրապէս մրցապայքար կայ, բայց ոչ Հայաստանի նախագահութեան աթոռին տիրանալու, այլ երկրորդ եւ երրորդ տեղը գրաւելու համար։ Չէ՞ որ արդէն որոշուած է, որ Սերժ Սարգսեան նախագահ պիտի վերընտրուի…
Չորրորդ մը կը պնդէ, թէ նախագահական աթոռին յաւակնորդ լուրջ մրցակիցներու չգոյութիւնը չի նշանակեր, անպայման, որ Հայաստանի մէջ քաղաքական դաշտը ամայացած է, կամ՝ քաղաքական երաշտ կը տիրէ… Պարզապէս նախագահի թեկնածութիւնը չընդունող քաղաքական գլխաւոր ուժերը իրենց սեփական ու դեռ չբացայայտուած հաշիւները ունին։
Շարքը չերկարելու համար կ՛արժէ նշել, որ նոյնիսկ պաշտօնական լրատուամիջոցները կը նախընտրեն, Սերժ Սարգսեանի թեկնածութեան ուղղակի գովազդը կատարելու կողքին, պարբերաբար թեթեւակի երգիծանքով վարուիլ մնացեալ թեկնածուներուն հետ… Թերահաւատները կրնան ստուգել՝ ընտրական քարոզարշաւի ծիրէն ներս Հ1ի հեռասփռած հաղորդումներէն կամ կատարած հարցազրոյցներէն։
Հետեւաբար մի ըսէք, թէ ինչո՞ւ ծանր ողբերգութեան վերածուած է Հայաստանի նախագահական վեցերորդ ընտրութիւնը։ Ոչ ալ զարմանքով հարց տուէք, թէ երգիծանքով ի՞նչ հարց կրնան լուծել Հայաստանն ու հայութիւնը։
Ի վերջոյ Ռոպերթ Քոչարեանի լրջախոհութեամբ պետական–քաղաքական գործիչն անգամ, որ Արցախի եւ Հայաստանի նախագահութեան երկարամեայ փորձ ունի, երգիծանքի բուժիչ յատկութեան հաւատացող հրապարակագրի մը վկայութեամբ՝ «Սկսել է ակտիւ ընթերցանութեամբ զբաղուել»…
Բայց լրջանա՛նք։
Ընտրական քարոզարշաւը դեռ չսկսած, Հայաստան այցելած ԵԱՀԿ դիտորդական առաքելութեան պատասխանատու մը յայտարարեց, թէ ՀՀ գործող իշխանութիւնները պէտք է անդրադառնան, որ «ազատ ու արդար ընտրութեանց» կայացման օգտին չի վկայեր երկրի քաղաքական գլխաւոր ուժերուն կողմէ նախագահական թեկնածու չառաջադրելու փաստը։
Օտար դէտերը իրենք եւս կը ձայնակցին նախագահ Սարգսեանի թեկնածութեան ընդդիմացող ուժերու այն ահազանգին, թէ թափանցիկութիւնը չապահովուեցաւ քուէարկողներու ցուցակներու պատրաստութեան ու վերջնական հաստատման ընթացքին։
Իսկ պետական լծակները, միջոցներն ու հնարաւորութիւնները բոլոր ուժերուն եւ թեկնածուներուն հաւասարապէս մատչելի դարձնելու ճակատին վրայ, նախագահական իշխանութեան դիրքէն կատարուող միակողմանի եւ առանձնաշնորհեալ շահագործման դէմ խօսիլն իսկ արդէն սկսած է ձանձրացուցիչ դառնալ։
Ի՞նչ իմաստ եւ օգուտ ունին իրաւական ու ժողովրդավարական պետութեան հիմերը վտանգող իշխանական այդ վարքագծին դէմ քննադատութեան եւ դատապարտանքի ահազանգերը, երբ կառավարող ուժը պարզապէս իր սեփականութիւնը կը նկատէ հանրային ու պետական աղբիւրները։ Ի հարկին նաեւ կը սպառնայ, որ գործող նախագահին վերընտրութեան ընդդիմացողները դատապարտուած են քաղաքական լուսանցք մղուելու եւ հոն… լճանալու։
Աւելի՛ն. արդէն քաղաքական տրամաբանութիւնը կը յուշէ, որ այդպէս պատահականօրէն չառնուեցաւ, առանց սեփական թեկնածու առաջադրելու, նախագահական ընտրութեանց աշխուժօրէն մասնակցելու ընդդիմադիր գլխաւոր ուժերուն նախընտրական որոշումը։
Ի վերջոյ նման որոշման կայացումը կ՛ենթադրէ նաեւ, ի միջի այլոց, իր վերընտրութիւնը կազմակերպած գործող նախագահին դէմ թեկնածու չառաջադրելու նախազգուշութիւնը, ինչպէս եւ՝ վաղուան նախագահին թշնամական ճնշումներուն յաւելեալ պատճառ չտալու քաղաքական հաշուենկատութիւնը։ Մանաւանդ որ ընտրազանգուածը շատոնց ու ճարահատ ապաւինած է մեր ժողովուրդի… «եթէ եղունգ ունիս, գլուխդ քերէ» իմաստութեան։
Կարծէք ապարդիւն քննադատութիւններէն եւ անհեռանկար խոստումներէն կշտացած ընտրազանգուածին կը պակսէր այսօրինակ՝ բան չըսող եւ, աւելին, քաղաքական ժամանցի նմանող ընտրութեան մը ողբերգութիւնը։
Կառավարման իշխող ու խաթարուած համակարգը արմատապէս փոխելու յոյսը ներշնչող ուժերու փոխարէն՝ ընտրազանգուածը Փետրուար 18ի քուէարկութեանց կը մօտենայ մրցապայքարովը այնպիսի փոխընտրութիւն ներկայացնող թեկնածուներու, որոնք Պարոյր Հայրիկեանի օրինակով 2013 թուականի Յունուարին կրնան կատարել հետեւեալ տիպի յայտարարութիւններ.
– Այս ընտրութիւններում ես առաջադրուեցի, որովհետեւ տեսայ, որ խորհրդարանական ընտրութիւններում կար խօսքի ազատութիւն: Ես սեւին սեւ եմ ասում, սպիտակին՝ սպիտակ: Դրանք ընտրութիւն չէին, որովհետեւ ընտրակաշառքն ահռելի չափերի էր հասել, բայց կար խօսքի ազատութիւն, որի պայմաններում՝ ես յոյս ունեմ, քանի որ անցեալում դրա բացակայութեան պայմաններում կարողացել եմ խօսքը լաւ օգտագործել եւ ինչ որ հանգրուանի հասցնել մեր ժողովրդին, ապա այսօր էլ՝ յաջողութեան հասնել:
Գոնէ Պարոյր Հայրիկեանը շատ լաւ գիտէ, որ խօսքի ազատութեան պակաս չկար, օրինակ, 1996ին կամ 2003ին։ Այսուհանդերձ՝ այդ փաստին իր կարգին քաջատեղեակ ընտրազանգուածին Հայրիկեան կ՛ուզէ հաւատացնել, թէ 2012ի Մայիսին աննախընթաց տարողութիւն ստացած է եղեր Խօսքի ազատութիւնը…
Աւելի մտահոգիչը շարունակութիւնն է Պարոյր Հայրիկեանի պէս այլախոհական ու անկախական՝ յարգարժա՛ն կենսագրութեան տէր գործիչի յայտարարութեան, ի պատասխան լրագրողի այն հարցումին, թէ «Ի՞նչ էք կարծում, ՀՀ նախագահական այս ընտրութիւններում ընտրակաշառքի չափերն ահագնացող չե՞ն լինի».
– Ես չասացի, որ ընտրակաշառք չի լինելու, ուղղակի՝ ես կը կարողանամ դրան հակադրուել: Եթէ խորհրդարանական ընտրութիւններից առաջ իմանայի, որ խօսքի ազատութիւն կը լինի, ապա կարող է այն ժամանակ էլ մասնակցէի: Բայց երբ յայտնի էր ընտրակաշառքի ծաւալը՝ դեռ մինչեւ ընտրութիւնները, հասկացայ, որ իրեն յարգող մարդը չպիտի մասնակցի: Այլ բան է, երբ դու չգիտես եւ մասնակցում ես եւ բոլորովին այլ բան է, երբ գիտես ու գիտակցաբար ես գնում այդպիսի ընտրութիւններին մասնակցելու, կեղտոտուելու: Հիմա՛ ես կարծում եմ, որ խօսքը կարող է աշխատել, որովհետեւ խօսքն ամենակարող է, ես դրա ուժը գիտեմ, ես այդ ճանապարհն անցել եմ, կը կարողանանք հակադրուել եւ անէացնել ընտրակաշառքի ազդեցութիւնը»:
Ո՛չ. ընտրակաշառքի եւ ընդհանրապէս կաշառակերութեան ազդեցութիւնը հնարաւոր չէ այդպէս, սոսկ հակադրուելով, «անէացնել»։
21րդ դարու երկրորդ տասնամեակին, այդ ալ Հայաստանի նման արդիական շպարով կատարելագործուած կառավարման խաթարուած համակարգի մը մէջ, նախագահական որեւէ թեկնածու իրաւունք չունի երազելու, ո՜ւր մնաց ընտրազանգուածին հաւատացնելու, թէ խօսքի ուժով կարելի է յաղթահարել օրէնքի ամբողջ ուժով եւ բոլոր լծակներով հովանաւորուած ու պաշտպանուած կաշառակերութիւնը, փտ-ախտը։
Նոյնիսկ Հայաստանի մօտ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպան Քեթրին Լիչ կ՛անդրադառնայ, ինչպէս որ վերջերս գրած է համացանցի իր էջին վրայ, թէ «տասնամեակներու ընթացքին կեղծիքներով յագեցած ընտրութիւններէ ետք, Հայաստանի իշխանութեանց համար մեծագոյն մարտահրաւէրը այս ընտրութեանց արդար բնոյթը ապահովելն ու սեփական ժողովուրդին եւ գործակիցներուն վստահությունը վերականգնելն են: Աւելի՛ն. այդ արդիւնքին հասնիլը դեսպան Լիչ կը պայմանաւորէ երեք ոլորտներու բարեկարգումով՝
– «Ընտրողներու ցուցակներու թափանցիկ ճշգրտում:
– «Հանրային ծառայողներու ներ-գրաւում:
– «Բողոքներուն արդիւնաւէտ արձագանգում»:
Դեսպան Լինչ միաժամանակ յոյս յայտնած է, որ բացի անհատներու միջեւ պայքարէն՝ ընտրութիւնները ծառայեն նաեւ գաղափարական պայքարի մշակոյթը զարգացնելու նպատակին։
Հայաստանի ընտրազանգուածը կորսնցուցած է այդ յոյսը։
Գաղափարներու աճուրդով եւ շահատակութեամբ սնանկացած քաղաքական դաշտի մը մէջ ի՜նչ խօսք, որ գաղափարներու ոգին չի կրնար աճիլ եւ զարկ տալ գաղափարական պայքարի զարգացման։
Փոխարէնը կը զարգանան ընտրութեան գաղափարն իսկ իմաստազրկող ընտրական մեքենայութիւններ, ազատ ու արդար ընտրութեանց յոյսը ոտնակոխող խարդախութեանց կատարելագործուած եղանակներ։ Կը մշակուին թափանցիկ ու մաքուր ընտրութեանց խաբկանքը տարածող եւ ընտրակաշառքն ու ընտրակեղծիքը շպարող, քողարկող խարդախութեանց կատարելագործուած ձեւեր։
Այս պայմաններուն մէջ կարելի՞ է յոյս կապել Փետրուար 18ի նախագահական ընտրութեանց։
Ընտրութի՞ւն…
Ի՞նչ ընտրութիւն։
Այս Էջը Կը Հովանաւորէ
ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆ