ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պոլսոյ Սամաթիա թաղամասին մէջ հայ կանանց նկատմամբ հերթական բռնութեան դէպք մը տեղի ունեցած է Երեքշաբթի, Յունուար 22ին: Այս անգամ յարձակման թիրախ դարձած է հայազգի 80ամեայ Սուլթան Այքարը:
Ըստ «Ակօս» թերթին՝ Յունուար 22ի երեկոյեան, տուն վերադառնալու միջոցին, նշեալ կնոջ վրայ յարձակած է սեւ հագուստով մօտաւորապէս 35 տարեկան տղամարդ մը: Յանցագործը բռունցքով հարուածած է կինը եւ զգետնած զայն: Տղամարդը փորձած է նաեւ զայն տուն մտցնել, սակայն կնոջ պոռչտուքէն դուրս թափուած դրացիները կրցած են փրկել կինը:
Սուլթան Այքար հիւանդանոց փոխադրուած է եւ աչքի վիրահատութեան ենթարկուած:
Վերջերս հայ կանանց դէմ գործադրուող յարձակումներու արդէն երրորդն է այս միջադէպը: Անցած Դեկտեմբեր 28ին, նոյն թաղամասին մէջ սպաննուած էր 84ամեայ Մարիցա Քիւչուքը, որմէ քանի մը օր ետք տեղի ունեցած էր այլ հայուհիի մը վրայ յարձակում մը, որուն հետեւանքով ան կորսնցուց իր մէկ աչքը: Աւելի ուշ, Պոլսոյ մէջ անյայտ անձեր փորձած էին առեւանգել այլ հայ կին մը:
Թուրքիոյ ապահովական մարմինները այս յարձակումներուն կապակցութեամբ ցարդ ոչ մէկ յանցագործ կրցած են բացայայտել:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.