ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Karabakh-open.info».– 2012 թուականին Հայաստանէն եւ այլ երկիրներէ մնայուն բնակութիւն հաստատելու նպատակով Լեռնային Ղարաբաղ տեղափոխուած են 114 ընտանիքներ՝ 415 անձ, որոնց տրուած են վերաբնակիչի կարգավիճակ եւ տրամադրուած օրէնսդրութեամբ սահմանուած բոլոր արտօնութիւնները:
«Karabakh-open.info»ի համաձայն, շարունակուած է Լիբանանի «Արցախ ֆոնտ» հիմնադրամի կողմէ 3 եւ աւելի երեխաներ ունեցող վերաբնակ ընտանիքներուն կթան կովերու տրամադրման ծրագիրը, որուն ծիրին մէջ նախորդ տարուան ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղ վերաբնակեցուած ընտանիքներուն տրամադրուած է 152 կով:
Տարուան ընթացքին Սուրիայէն Արցախ եկած 30 հայ ընտանիքներու ապաստան յատկացուած է Քաշաթաղի շրջանին մէջ եւ տրամադրուած կենսաապահովման նախնական անհրաժեշտ պարագաներ:
Վերաբնակիչներու եւ գաղթականներու ընկերային հարցերու լուծման ծրագիրով 2012ին ծախսուած է 58,9 միլիոն դրամ:
Նշենք, որ 2011ին Արցախ մնայուն բնակութիւն հաստատած է 169 ընտանիք՝ 580 մարդ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.