
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Կարէն Դէմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ Ապրիլ 20ին եւ 21ին տեղի պիտի ունենայ աշխարհահռչակ երգահան Եաննիի համերգը: Կազմակերպչական խումբէն «Նիուզ»ի փոխանցած են, որ Եաննին Հայաստանի մէջ հանդէս պիտի գայ արդէն շատերուն համար ծանօթ ծրագիրով, սակայն պիտի հնչեն նաեւ նոր ստեղծագործութիւններ: Եաննիի խումբին հետ առանձին կատարումով հանդէս պիտի գայ նաեւ ջութակահար Սամուէլ Երուինեանը:Եաննիի համերգի տոմսերուն արժէքը կը տատանի 5 հազարէն 80 հազար դրամի միջեւ։