
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի Իսմայիլի շրջանին մէջ Չորեքշաբթի, Յունուար 23ին սկսած ժողովրդական ապստամբութեան պատճառով, իշխանութիւնները արտակարգ դրութեան տակ դրած են շրջակայ Կէօքճայ, Ախսու եւ Շամախը շրջանները:
Ըստ «Ազատլըք» թերթին՝ այդ շրջաններու գործադիր իշխանութիւններու ղեկավարները արտահերթ նիստեր կը գումարեն՝ քննելու համար ստեղծուած իրավիճակը:
Տեղական աղբիւրներու տեղեկութիւններով՝ այդ շրջաններուն մէջ խռովութեան ալիքի ընդարձակման մեծ հաւանականութիւն կայ: Իշխանութիւնները արդէն իսկ ապահովական յաւելեալ ուժեր ղրկած են, Իսմայիլիի մէջ ապստամբութիւնը ճնշելու նպատակով:
Թերթը կը յայտնէ, որ Իսմայիլիի մէջ ձերբակալուած է «Մուսաւաթ» կուսակցութեան փոխնախագահ Թոֆիք Եագուպլուն, որու ձերբակալման հրահանգը անձամբ տուած է Ատրպէյճանի ներքին գործոց նախարար Ճաւանշիր Մամետովը:
«Ենի Մուսաւաթ» թերթին համաձայն՝ ընդդիմադիր կուսակցութենէն մեծ թիւով ներկայացուցիչներ կը գտնուին Իսմայիլիի մէջ: Ատրպէյճանական «Contact.az» լրատուական կայքը կը յայտնէ, որ Ատրպէյճանի իշխանութեան գլխաւոր գաղափարախօս, նախագահի աշխատակազմի քաղաքական հասարակական բաժինի ղեկավար Ալի Հասանով, անդրադառնալով Թոֆիք Եագուպլուին՝ ատրպէյճանական զանգուածային լրատուամիջոցներուն յայտարարած է, որ «Իսմայիլիի իրադարձութիւններուն մէջ գլխաւոր մեղաւորը արդէն ձերբակալուած է»:
Հասանովի համաձայն՝ արդէն երկու օրէ ի վեր Իսմայիլիի մէջ շարունակուող զանգուածային անկարգութիւններու գլխաւոր մեղաւորը «պիտի ստանայ իրեն արժանի պատիժը»: