Միացեալ Նահանգներու աշխատաւորական հարցերու նախարարութիւնը Յունուար 24ին հաղորդեց, որ նախորդ շաբթուան ընթացքին անգործութեան ապահովագրութենէն դիմում ստացողներուն թիւը 5000ով նուազած է՝ հասնելով 330,000ի, ինչ որ նուազագոյն թիւն է Յունուար 2008էն ի վեր: Այս թիւին չորս շաբաթուան միջինը եւս հասած է հինգ տարուան ընթացքին իր ամենացած մակարդակին՝ իջնելով 351,750ի:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.