ՊՈԼԻՍ, «Ռոյթըրզ».- Թուրքիոյ քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան անդամ երեսփոխանները դէմ քուէարկեցին Ուրբաթ, Յունուար 25ին, Թուրքիոյ խորհրդարանին կողմէ վաւերացուած այն օրէնքին, որ դատարաններու մէջ քրտերէնով ինքնապաշտպանութիւն կատարելու իրաւունք կը շնորհէ:
Կուսակցութեան երեսփոխանները յայտնեցին, թէ անընդունելի կը գտնեն օրէնքին այն կէտը, որ քրտերէն խօսողներուն վրայ կը բեռցնէ թարգմանիչին ծախսերը, ինչպէս նաեւ այն իրողութիւնը, որ օրէնքը կը շարունակէ արգիլել գրաւող ինքնապաշտպանութիւնը քրտերէնով կատարելը:
Դատարանին մէջ քրտերէնով արտայայտուելու պահանջը մէկն էր այն պահանջներէն, զորս Թուրքիոյ կառավարութիւնը խոստացաւ շնորհել անցեալ տարի, երկարատեւ հացադուլի դիմաց հարիւրաւոր քիւրտ բանտարկեալներու:
Եւրոմիութեան ընդարձակման հարցերու յանձնակատար Շթեֆան Ֆիւլէ, սոյն օրէնքը «կարեւոր քայլ մը» համարեց Թուրքիոյ քաղաքացիներուն՝ իրենց մայրենի լեզուով հանրային սպասարկութիւններ տրամադրելու աշխատանքին մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.