Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

«Արիւնիս անցած» սովորութիւն մը ունիմ. երբ «խափանարար» պատճառ չըլլայ, օրուանս մէկ պահը կը տրամադրեմ մեր թերթերը աչքէ անցընելու՝ օգտուելով համացանցին ընձեռած բարիքներէն: Վստահ եմ շատեր ալ նոյն օգտակար ախտով վարակուած են:
Այսօր, 23 Ապրիլի կէսօրուան մօտ, այցելեցի անցեալի «տուն»ս՝ «Ազդակ» (հասկցաք թէ ըսել կ՛ուզեմ կայքէջը): Ի շարս այլ սիւնակներու՝ հետաքրքրութեամբ կարդացի հայ որբերու եւ անոնց աչքերուն մասին պատկերազարդ յօդուած մը եւ համակուեցայ հեղինակին յուզումով: Աւարտին, տեղադրուած էր «Հայի Աչքեր» խորագրեալ բանաստեղծութիւնը, որուն երկրորդ կեանք մը շնորհած է երգահան Ռոպերթ Ամիրխանեան եւ վերջին տասնամեակներուն յաճախ հնչած է մեր բեմերէն, պատկերասփիւռի պաստառներէն: Ի՞նչ յարմար զուգորդում՝ մտածեցի: Յետոյ… զարմացայ, երբ բանաստեղծութեան տակը տեսայ Միսաք Մեծարենց ստորագրութիւնը:
«Հայի Աչքե՞ր», Մեծարե՞նց… Այդ ե՞րբ էր, որ Մեծարենցը արեւելահայերէնով արտայայտուած է իր բանաստեղծութիւններուն մէջ: Փորձեցի յիշողութիւնս պրպտել, գտնելու համար բուն հեղինակը, որովհետեւ շա՜տ տարիներ առաջ, տեսած-կարդացած էին: Յիշողութիւնս դաւաճանեց, ամչցայ…
Դիմեցի «ամենագէտ» Google-ին: Զիս տարաւ քանի մը կայք, որոնցմէ առաջինն էր ՎԻՔԻԴԱՐԱՆը, այսինքն՝ առցանց ՎԻՔԻՓԵՏԻԱ համայնագիտարանին գրադարանի բաժինը: Հոն տեղադրուած էր «Հայի Աչքեր» բանաստեղծութիւնը, իսկ գագաթին բազմած էր… Միսաք Մեծարենց անունը: Աչքերս աւելի՛ խոշորցան: Կրկին կարդացի բանաստեղծութիւնը, աղաղակող էր, որ գրողը արեւելահայ մըն էր, բայց ո՞վ… Վա՛յ յիշողութիւն, վա՜յ…
Փութկոտութիւնս յանցանքի բաժին մը վերապահած էր ինծի: Փոխանակ այլ կայքէջեր աչքէ անցընելու՝ դիմեցի երաժշտագէտ բարեկամի մը: Եւ… «Էվրեքա՜»: Գտայ, որ հեղինակը կը կոչուի Արմենակ Սարգսեան, շատ աւելի ծանօթ՝ Սարմէն գրչանունով, արեւելահայ բանաստեղծութեան շարք մը գոհարներու աղբիւրը:
Ի դէպ, քանի մը առիթով լսած-կարդացած եմ, որ բանաստեղծութեան հեղինակը Ամիրխանեանն է: Մտածեցի, որ թերեւս երաժշտութիւնը յօրինելու ատեն, հաւանաբար մանր պատշաճեցում կատարած է Ռոպերթը եւ շահած՝ «հեղինակ»ի իրաւունք: Եկէ՛ք, չծանրանանք նման «մանրուքներու» վրայ եւ արձանագրենք աւելի՛ հիմնական մտահոգութիւն մը:
«Ազդակ»ի յօդուածագիրը յայտնապէս իբրեւ աղբիւր ունեցած է ՎԻՔԻԴԱՐԱՆը (երբ փորձեցի յօդուածագիրին անունը վերստուգել եւ վերստին այցելեցի կայքէջը, սիւնակը չգտայ. յուսամ այս գիրս տեղ հասնի՝ զայն տպագիրին մէջ տեղադրելէ առաջ): Մտածեցի. արդեօք մեղքի ի՞նչ բաժին կ՛իյնայ անոր ուսերուն. ան հաւանաբար շատ ծանօթ չէ մեր գրականութեան ու բանաստեղծներուն (յօդուածն ալ գրականագիտական բնոյթ չունի), սակայն յայտնապէս հմայուած է յիշեալ երգով, անոր մէջ գտած է իր դիտած նկարներուն մէջ երեւցող որբերու աչքերուն մէկ արձագանգը, զայն փնտռածէ համացանցի վրայ, եւ ինծի պէս՝ ինկած է… ՎԻՔԻԴԱՐԱՆի թակարդին մէջ:
Եւ ճի՛շդ հոն է մեծ «շան գլուխ»ը: Համայնագիտարանն ու անոր տարբեր ենթաբաժանումները կոչուած են ՃԻՇԴ ԳԻՏԵԼԻՔ ամբարելու եւ զանոնք տրամադրելի դարձնելու դիմողներուն: Ոեւէ ազգի պատկանող հետաքրքիր ընթերցող՝ համայնագիտարանի կը դիմէ այն վստահութեամբ, որ անիկա ՀԱՄԱՅՆագիտարան է, ճիշդ տեղեկութիւն կը պարունակէ: Նոյն նիւթին մասին տարբեր համայնագիտարաններու մէջ կրնան որոշ մանրամասնութիւններու տարբերութիւններ ըլլալ, աւելի-պակաս տեղեկութիւն, սակայն հիմնական տեղեկութիւնը, օրինակ՝ գիրքի մը հեղինակին անունը չի կրնար տարբեր ըլլալ. Շէյքսփիրի մէկ գործը չի վերագրուիր Տիքընզի, Էտկար Ալէն Փոյի կամ… Լամարթինի, Միխայիլ Նայիմէի եւ ուրիշներու:
ՎԻՔԻԴԱՐԱնը եւ նման լուրջ հրատարակութիւններ պատրաստողները պարտաւոր են բծախնդրութեամբ եւ նախանձախնդրութեամբ կատարել իրենց գործը, ո՛չ միայն անոր համար, որ իրենց դիմողը ունի այն վստահութիւնը, որ ՀԵՂԻԿԱՆԱՒՈՐ եւ ճիշդ բան բովանդակող հասցէի կը դիմէ, այլ մանաւանդ որովհետեւ նման սխալներ կրնան ընդօրինակուիլ շատերու կողմէ, սխալը կը տարածուի քիչ մը ամէն տեղ, կը հասնի մամուլ եւ անոր ճամբով՝ բազմահազար ընթերցողներու, սխալը կը դառնայ… «նուիրականացած սխալ»: Անկէ ետք, աւելորդ կը դառնայ փնտռելը, թէ սխալին աղբի՞ւրն է յանցաւորը, յօդուածագի՞րը, խմբագի՞րը թէ սրբագրողը: Անհատ յօդուածագիր մը, մինչեւ իսկ գիրքի հեղինակ մը կրնան սխալ բաներ արձանագրել (յամենայնդէպս արդարանալի չէ), սակայն համայնագիտարանը ուրիշ տարածք է, տարբեր մակարդակ:
…Չենք ուզեր «քաղաքականացնել» եղածը, նախ՝ յիշելով խորհրդային տարիներու համայնագիտարանը (ուր երբեմն տեղեկութեան պակաս կ՛ըլլար), ապա՝ հարց տալով, որ հայկական մեր կեանքին մէջ անլրջութիւնը ի՞նչ ոլորտներ առած է իր տիրապետութեան տակ, եւ ո՛չ միայն… Ապրիլ 24ի օրերուն:
23 Ապրիլ 2025