ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Սուրիոյ իշխանութեանց դէմ զինեալ պայքար մղող ապստամբներուն հաղորդած տեղեկութեանց համաձայն, սուրիական բանակը Ուրբաթ, Յունուար 25ին, ցամաքային նոր ուժերով եւ համակիր զինեալներով նոր յարձակում մը սկսած է Հոմս քաղաքի սիւննիներով բնակեցուած շրջաններուն վրայ՝ փորձելով զանոնք իր հակակշիռին տակ առնել:
Միւս կողմէ, Հինգշաբթիէն Ուրբաթ լուսցող գիշերուան ընթացքին, Իսրայէլի կողմէ բռնագրաւուած Կոլանի սահմանակից շրջանի մը մէջ, ծայրայեղ իսլամականներու «Ճապհաթ Նուսրա» զինեալ խմբաւորումի անդամներուն կողմէ լարուած ականի մը պայթումին հետեւանքով՝ սպաննուած են Սուրիոյ բանակի գաղտնի սպասարկութեան 8 անդամներ:
«Ճապհաթ Նուսրա»ն նաեւ հաղորդեց, թէ Քընէյթրա նահանգին մէջ գտնուող զինուորական շէնք մը քանդած է՝ հոն պահուող բանտարկեալները ազատագրելէ ետք:
Նաեւ, Սուրիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը Ուրբաթ օր կոչ ըրաւ Սուրիայէն հեռացած գաղթականներուն եւ այլախոհներուն, որ վերադառնան ու մասնակից դառնան ազգային երկխօսութեան՝ ապահովութեան երաշխիքներ շնորհելով անոնց:
Սակայն, Սուրիական ազգային համաձայնական մարմինի անդամ Հայսամ Մալեհ յայտարարեց, թէ ՄԱԿի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմիի առաքելութիւնը «ձախողեցաւ, եւ սուրիական տագնապը քաղաքական լուծում մը չունի»:
Դիւանագիտական աղբիւրներ «Հայաթ» օրաթերթին հաղորդեցին, որ յառաջիկայ օրերուն Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի եւ Ռուսիոյ անոր պաշտօնակից Վլատիմիր Փութինի միջեւ հանդիպում մը տեղի պիտի ունենայ՝ Սուրիոյ տագնապի լուծման գլխաւոր կէտերը ճշդելու համար:
Իր կարգին, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս Յունուար 24ին յայտարարեց, թէ նշաններ չկան, որ նախագահ Պաշշար Ասատի իշխանութեան տապալումը մօտիկ ապագային տեղի պիտի ունենայ: Ան անցեալ ամիս նախատեսած էր, թէ Ասատի իշխանութենէն հեռացնելու ջանքերը «իրենց աւարտին կը մօտենան», սակայն Յունուար 24ին ընդունեց, թէ «վերջերս դրական նշաններ չկան»: Ան աւելցուց, թէ Յունուար 28ին, Փարիզի մէջ հանդիպում մը տեղի պիտի ունենայ սուրիական ընդդիմութեան ղեկավարներուն եւ մօտաւորապէս 50 երկիրներէ ու կազմակերպութիւններէ ներկայացուցիչներու միջեւ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.