
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնիա Նաու».– Ոստիկանութիւնը յայտարարած է, որ ընտրողներու թիւին զգալի աճը՝ վերջին նախագահական ընտրութիւններուն հետ բաղդատելով, առնչուած է պետական արձանագրութիւններուն մէջ բնակչութեան թիւի աշխուժութեամբ հաշուելու աշխատանքին, ինչպէս նաեւ քանի մը հազար վրացահայերու եւ սուրիահայերու Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստանալու հանգամանքներով:
Համաձայն Հայաստանի ոստիկանութեան օրեր առած հրապարակած տուեալներուն, 18 Փետրուարի նախագահական ընտրութիւններուն քուէարկելու իրաւունք ունի 2,507,004 քաղաքացի: Մինչդեռ 2008ին անոնց թիւը 2,312,945 էր, այսինքն՝ բաւական մեծ արտագաղթի հոսքին հակառակ, չորս տարուան ընթացքին ընտրողներուն թիւը աւելցած է 194,059ով: Վերջին մարդահամարի տուեալներուն համաձայն, Հայաստան գտնուող բնակչութեան թիւը 2 միլիոն 870 հազար է, իսկ հաշուեգրուած թիւին մէջ ներառուած են Հայաստանի մէջ ապրող, նաեւ ներկայիս Հայաստանէն բացակայող անձերը՝ թիւը հասցնելով 3 միլիոն 285 հազար: Ընտրողներու ցանկին մէջ ներառուած են նաեւ Հայաստանէն բացակայող ընտրողներուն անունները: Առկայ եւ հաշուեգրուած բնակչութեան տարբերութիւնը կը կազմէ 415 հազար:
Իշխանութիւնները ընդդիմադիրներուն կողմէ մնայուն քննադատութեան կ՛ենթարկուին՝ ընտրացանկերու թիւը բազմացնելու եւ Հայաստանէն բացակայողներու անունները ցանկերէն չհանելուն կամ գոնէ առանձին ցուցակներ չկազմելուն համար: Ընդդիմութիւնը միշտ ալ յայտարարած է, որ իշխանութիւնը Հայաստանէն մնայուն կերպով բացակայող մօտ կէս միլիոն ընտրողներուն քուէն իր օգտին կը ծառայեցնէ:
Միւս կողմէ ոստիկանութիւնը կը յայտարարէ, որ ընտրողներուն թիւը աւելցած է այն պատճառով, որ այն մարդիկ, որոնք 2008ին բնակչութեան պետական ցանկերուն մէջ հաշուըուած չէին, այս տարիներուն ընթացքին ներառուած են, որպէսզի նպաստ ստանան: Բնակչութեան պաշտօնական ցանկերը վարող մարմինը նաեւ կը հաստատէ, որ ընտրողներու ցանկը բազմացած է նաեւ այն պատճառով, որ վերջին տարիներուն Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստացած են Վրաստանի եւ Սուրիոյ հազարաւոր քաղաքացիներ: Այսպէս, ըստ ոստիկանութեան տուեալներուն, 2010 թուականէն ի վեր Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստացած է մօտ 20 հազարէ աւելի վրացահայ, իսկ 2012ին Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստացած սուրիահայերուն թիւը հասած է մօտ 4000ի:
Երկուշաբթի օր նախագահական երեք թեկնածուները՝ Րաֆֆի Յովհաննէսեանը, Պարոյր Հայրիկեանը եւ Հրանտ Բագրատեանը հանդէս եկած էին միացեալ յայտարարութեամբ՝ կոչ ուղղելով հրապարակել հանրապետութենէն բացակայող քաղաքացիներուն ցուցակները, «ովքեր, ի խախտումն Հայաստանի Սահմանադրութեան, զրկուած են ընտրելու իրենց իրաւունքի իրացման հնարաւորութիւնից»: Թեկնածուները առաջարկած էին վերջին մէկ տարուան ընթացքին աւելի քան 180 օր երկրէն բացակայած, բայց ընտրացանկերուն մէջ ընդգրկուած Հայաստանի քաղաքացիներուն ցանկը ընտրատեղամասերուն մէջ հիմնական ցանկերէն անջատ զետեղել։ Ընտրացանկերուն առնչութեամբ մտահոգութիւն յայտնած է նոյնիսկ Հայաստանի մէջ Մեծ Բրիտանիոյ դեսպանը, որ առաջարկած էր հաւաստի տուեալներ ունենալու համար տարեկան դրութեան կրկին հաշուարկ կատարել։ Իսկ նախագահական թեկնածու Արման Մելիքեանը՝ վկայակոչելով սեփական հաշուարկները, կը պնդէ, որ ներկայիս ընտրացանկերուն մէջ ընդգրկուած 2.5 միլիոն ընտրողէն Հայաստանի մէջ կ՛ապրի միայն 1.5 միլիոնը:
Սակայն ոստիկանութիւնը չի պատրաստուիր ընդառաջել թեկնածուներուն եւ կատարել անոնց պահանջը: Ոստիկանութեան անձնագրային եւ մուտքի արտօնագիրներու վարչութեան պետ Յովհաննէս Քոչարեանը «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցին ընթացքին յայտարարած է, որ իրենք Հայաստանէն մնայուն կերպով բացակայողներուն տուեալներուն չեն տիրապետեր։
«Ոստիկանութիւնը չի կարող առանձնացնել ռեգիստրից այն անձանց ցուցակը, ովքեր Հայաստանի Հանրապետութիւնից դուրս 6 ամսից աւելի բնակւում են: Մենք այդ տուեալները ստանում ենք սահմանային մարմնից, եւ այն էլ՝ անհատական որոնման սկզբունքով: Մասնաւորապէս, օպերատիւ հետախուզական գործունէութեան ընթացքում կամ քրէական վարոյթի ընթացքում հարցում ենք կատարում սահմանային էլեկտրօնային կառավարման տեղեկատուական համակարգից, էլեկտրօնային եղանակով ստանում ենք տեղեկատուութիւնը: Վեց ամսից աւելի բացակայող անորոշ շրջանակի անձանց վերաբերեալ աւտոմատ տեղեկատուութիւն ստանալու ո՛չ օրէնսդրական հնարաւորութիւն կայ, ո՛չ էլ տեխնիկական հնարաւորութիւն», նշած է Քոչարեանը:
Ան նաեւ նշած է, թէ «դա ուղղակի կանխաւարկած է, որ դրսում գտնուողի փոխարէն անպայման պէտք է ինչ-որ մէկն այստեղ քուէարկի»: «Մենք չենք կիսում նման մօտեցումները, մենք չունենք այդ նախադէպերը, մենք այդ մտայնութիւնը չունենք, որ այդպիսի բաներ են լինելու: Այս պահին ցուցակների որակը բաւականին բարձր է», շեշտած է անձնագրայինի պետը: