
ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- «Ստեփանակերտի օդակայանի հարցով Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) գլխաւոր քարտուղար Նիքոլայ Պորտիւժայի յայտարարութենէն պէտք չէ զարմանալ, որովհետեւ ան բազմիցս, անարդարօրէն աջակցած է Հայաստանին», Չորեքշաբթի, Յունուար 30ին յայտարարեց Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Էլտար Սապիրօղլու:
«Եթէ Պորտիւժայի հարազատ երկիրը նման վիճակի մը մէջ ըլլար, ան վստահաբար պիտի յայտարարէր, թէ պէտք է զգետնել այն օդանաւերը, որոնք նման ապօրինի օդակայան կ՛օգտագործեն: Կան միջազգային դաշինքներ, որոնք կ՛արգիլեն ինքնիշխան պետութեան օդային տարածքի խախտումը», աւելցուց ան եւ ազդարարեց. «Ատրպէյճան չի կատակեր. դէպի Խանքենտի (Ստեփանակերտ) ապօրինի թռիչքներ իրականացուելու պարագային՝ պիտի տրուի յարմար պատասխան»: