«Սիջար» եզիտիներու ազգային միաւորում հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Բորիս Թամոյեանը յայտնած է, որ Երեւանի մէջ ապրող եզիտի երեխաներու 99 տոկոսը չի կրնար իր մայրենի լեզուով խօսիլ կամ գրել։ Այս խնդրին լուծում տալու նպատակով որոշած են Երեւանի մէջ ստեղծել կեդրոն մը, ուր եզիտի երեխաները պիտի կարենան առանց վճարումի եզիտիերէն սորվիլ։
«Մենք ընտրեցինք հէնց Երեւանը, քանի որ այստեղ այդ խնդիրն ամենատարածուածն է՝ դպրոցներում չի դասաւանդւում, եւ եզդիները կտրւում են իրենց լեզուից», յայտնած է Բ. Թամոյեանը:
Այս դասընթացներուն ընթացքին պիտի խօսուի եզիտիներու կրօնին ու մշակոյթին մասին, որ, ինչպէս նշած է Բորիս Թամոյեանը, վատ վիճակի մէջ է, աւելին՝ աղանդաւորական կազմակերպութիւնները կը ներթափանցեն եզիտիական համայնքներ եւ կրօնափոխ կ՛ընեն իրենց հայրենակիցները. «Երբ մարդիկ տեղեկացուած չեն իրենց կրօնից, ապա այլ դաւանանքին յարելն աւելի հեշտ է լինում: Իրաքից ուղարկել են աղօթքներ, որոնք եւս դասընթացների ժամանակ կ՛ուսուցանուեն»:
Բ. Թամոյեան յայտնած է, որ եզիտի երեխաներուն համար կը հաւաքեն գիրքեր, որոնք պիտի ուղարկուին Ֆրիկ գիւղ: Գիրքերը կրնան նաեւ հայերէն եւ օտար լեզուով ըլլալ։
Ծրագիրին միանալու համար կարելի է կապ հաստատել հետեւեալ ելեկտրոնային հասցէով՝ boroozman@gmail.com:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.