ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստանի առողջապահութեան նախարար Դերենիկ Դումանեանը 29 Յունուարի երեկոյեան ընդունած է Գիւմրիի «Աւստրիական մանկական հիւանդանոցին օժանդակող միութիւն» հասարակական կազմակերպութեան ներկայացուցիչները:
Վիեննայի մէջ գործող կAազմակերպութեան նախագահ Քրիստոֆըր Լեխները նախարարին ներկայացուցած է 20ամեայ համագործակցութեան արդիւնքները՝ նշելով, որ իրենց պատուիրակութիւնը տպաւորուած է վերջին տարիներու զարգացումներով:
Երկու երկիրներու առողջապահութեան նախարարներուն միջեւ ստորագրուած յուշագիրի ծիրին մէջ աւստրիական կողմը հիւանդանոցին նորաստեղծ ծննդատունը պիտի օժտէ շուրջ 380 հազար եուրօ արժող ժամանակակից սարքաւորումներով եւ բժշկական իրերով: Պատուիրակութիւնը այս անգամ եւս դատարկաձեռն չէ եկած: Հիւանդանոցին նուիրած են 10 համակարգիչ՝ ներհիւանդանոցային կառավարման ելեկտրոնային համակարգի ստեղծման աջակցելու նպատակով: Քրիստոֆըր Լեխները նշած է, որ յառաջիկային կրկին մասնագէտներու վերապատրաստութեան եւ հմտութիւններու բարելաւման նպատակով քայլեր պիտի առնուին, պիտի շարունակեն օժանդակել՝ տրամադրելով անհրաժեշտ բժշկական սարքաւորումներ եւ վիրաբուժական գործիքներ:
Պատուիրակութեան միւս անդամները եւս իրենց գոհունակութիւնը արտայայտած են համագործակցութեան արդիւնքներէն՝ շեշտելով, որ տպաւորուած են հիւանդանոցի արդիւնաւէտ կառավարումով եւ անձնակազմի մօտ նկատուող գործին նուիրումով:
Դերենիկ Դումանեան շնորհակալութիւն յայտնած է Աւստրիոյ կառավարութեան եւ ժողովուրդին ցուցաբերած մնայուն աջակցութեան եւ ներդրումներուն համար:
«Ես ներկայ եմ եղել կենտրոնի բացմանը եւ տեղեակ եմ հետագայ զարգացումներին: Սա եզակի ծրագրերից է, որ 1988ի երկրաշարժից ի վեր նոյն արդիւնաւէտութեամբ շարունակւում է, ինչը, կարծում եմ, ոչ միայն լաւ համագործակցութեան եւ փոխըմբռնման, այլեւ նուիրումի արդիւնք է», յայտնած է Դերենիկ Դումայեանը՝ աւելցնելով, որ մօր եւ մանկան առողջութեան պահպանման խնդիրները բնագաւառի թիւ մէկ առաջնահերթութիւնն է: Այս երեւոյթին լաւագոյն ապացոյցներն են Հայաստանի կառավարութեան կողմէ շուրջ 160 միլիոն դրամի ներդրումը՝ հիւանդանոցի շինարարական աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ երեք մարզերուն մէջ, որոնցմէ մէկը Գիւմրիի աւստրիական հիւանդանոցին մէջ, մանկական վերակենդանացման ծառայութիւններու ուժեղացումն է:
Հանդիպման ընթացքին երկուստեք կարեւոր նկատած են ծրագիրի շարունակականութեան ապահովումը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.