ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– «Լրագրողներ առանց սահմաններու» կազմակերպութիւնը հրապարակած է աշխարհի երկիրներու 2013ի մամլոյ ազատութեան ցանկը, որուն մէջ Հայաստանը բարելաւած է իր դիրքերը: «Լրագրողներ առանց սահմաններու» պաշտօնական կայքէջը կը հաղորդէ, որ 179 երկիրներէ բաղկացած եւ մամլոյ ազատութեան համաձայն դասաւորուած ցանկին մէջ Հայաստանը կը գրաւէ 74րդ տեղը:
Տարածաշրջանի երկիրներուն մէջ Հայաստանը իր այս ցուցանիշով առաջատար դիրքի վրայ է: Թուրքիան կը գրաւէ 154րդ դիրքը, Ատրպէյճանը՝ 156րդ, իսկ Վրաստանը՝ 100րդը:
«Լրագրողներ առանց սահմաններու» կազմակերպութեան յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ «հակառակ Թուրքիոյ մէջ բազմազան եւ կենսունակ տեղեկատուական միջավայրի առկայութեան, այդուհանդերձ, այդ երկիրը կարելի չէ նկատել օրինակելի պետութեան չափանիշ տարածաշրջանին մէջ»: «Ժողովրդավարական Թուրքիան այսօր լրագրողներուն համար դարձած է մեծագոյն բանտը», նշուած է միեւնոյն յայտարարութեան մէջ, ուր անդրադարձ կը կատարուի ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ծիրին մէջ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցող դէպքերուն:
«Լրագրողներ առանց սահմաններու» կազմակերպութեան հրապարակած ցանկին մէջ առաջին երեք դիրքերը կը գրաւեն Ֆինլանտիան, Հոլանտան եւ Նորվեկիան: Ֆրանսան 37րդ դիրքի վրայ է, Իտալիան՝ 57րդ, Ռուսիան՝ 148րդ, Ղազախստանը՝ 160րդ, Թուրքմէնստանը՝ 177րդ: Ցանկը կ՛եզրափակեն Հիւսիսային Քորեան եւ Էրիթրիան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.