
ԵՐԵՒԱՆ, «Ռատիօլուր».– Արդէն հրապարակուած են «Արմնիուզ» պատկերասփիւռի ընկերութեան նախաձեռնութեամբ եւ «Հայկական սոցիոլոգիական ասոցիացիա»ի ու հանրային կարծիքի հարցումներու եւ խորհրդակցութեան համաշխարհային առաջատար կազմակերպութեան «Կոլլափ»ի կողմէ կատարուած նախընտրական երկրորդ հարցախոյզին արդիւնքները:
15-23 Յունուարին հանրապետութեան մարզերուն ու Երեւանի մէջ հարցումներ ուղղուած են ընտրութեան իրաւունք ունեցող 1020 քաղաքացիներու: Ըստ տրուած պատասխաններուն, Հայաստանի ներկայ նախագահ, նախագահական թեկնածու Սերժ Սարգսեանին աջակցելու մասին հաստատած է ընտրողներուն 66 տոկոսը, տասը տոկոսը նախապատուութիւնը տուած է Րաֆֆի Յովհաննէսեանին, Պարոյր Հայրիկեանին ու Հրանտ Բագրատեանին նախընտրած է ընտրութեան իրաւունք ունեցող անձերուն 4ական տոկոսը: Արամ Յարութիւնեանը ստացած է 1 տոկոս, միւս թեկնածուները՝ Անդրիաս Ղուկասեանը, Արման Մելիքեանը, Վարդան Սեդրակեանը չեն շրջանցած 1 տոկոսի շեմը: Հարցախոյզին մասնակիցներուն 16 տոկոսը տակաւին չէ որոշած, թէ ո՛ր թեկնածուին պիտի տայ իր քուէն:
«Արմնիուզ» ընկերութեան պատուէրով «Հայկական սոցիոլոգիական ասոցիացիա»ն ու «Կոլլափ» կազմակերպութիւնը համապետական ընտրութիւններու շեմին ծրագրած են կայացնել երեք հետազօտութիւն: Առաջինը ներկայացուած էր 2012ի Դեկտեմբեր 20ին, երկրորդը ներկայացուեցաւ 29 Յունուարին, իսկ երրորդը՝ Փետրուար 9ին: «Առաջին հետազօտութիւնը մեկնարկային էր, նշած է «Հայկական սոցիոլոգիական ասոցիացիա»ի նախագահ Գէորգ Պօղոսեանը: «Երկրորդն ընդգրկել է Յունուարի 15-23ն ընկած ժամանակահատուածը», յայտնած է ան ու պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ 15 Յունուար՝ ըսած է. «Որովհետեւ 14ին ԿԸՀն հաստատեց ութ թեկնածուների ցուցակը նախագահական ընտրութիւնների եւ մենք որոշել էինք մեր երկրորդ ուսումնասիրութիւնը անել այն ժամանակ, երբ արդէն ամբողջական ցուցակը հաստատուած կը լինի»:
Մասնակիցներուն 50 տոկոսին կարծիքով, Հայաստանի մէջ նախընտրական գործընթացը ճիշդ ուղիով կ՛ընթանայ. 36 տոկոսին կարծիքով՝ սխալ, 14 տոկոսը ընդհանրապէս կարծիք չէ արտայայտած: Բաղդատելով նախկին Խորհրդային միութեան երկիրներուն հետ՝ «Կոլլափ» կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Ռասա Ալիշաուկիենէն ըսած է, որ լաւատեսական մօտեցում կայ:
50 տարեկանէն աւելի տարիք ունեցող քաղաքացիները ու յատկապէս մայրաքաղաքի բնակիչները աւելի յոռետես են, ըստ հարցախոյզի արդիւնքներուն: «Հայաստանի մէջ միշտ ալ բնակիչներուն հիմնական մասը հետաքրքրուած է քաղաքականութեամբ. 2012ի Դեկտեմբերի հետ բաղդատած այս տարուան Յունուարին հետաքրքրութիւնը նուազած է», նկատել տուած է«Կոլլափ»ի ներկայացուցիչը: Հետաքրքրութիւնը նուազած է, քանի որ արդէն յստակ են նախագահական թեկնածուները:
«Քաղաքականապէս ամէնէն աշխոյժը միջին տարիքի մարդիկ են, երիտասարդները աւելի կրաւորական են»:
Հարցումներուն պատասխանածներուն 39 տոկոսը խոստացած է, որ անպայման պիտի մասնակցի ընտրութիւններուն, երեք տոկոսն ալ չմասնակցելու առնչութեամբ հաստատ է:
Հարցախոյզի մասնակիցներուն 58 տոկոսը վստահեցուցած է, որ իրեն հոգեհարազատ է Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը, նախորդ տարեվերջին հետ բաղդատելով՝ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը կորսնցուցած է իր համակիրները, որոնք Դեկտեմբեր 2012ին 32 տոկոս էին, իսկ Յունուարին 19 են։ Պատճառն այն է, որ կուսակցութիւնը սեփական թեկնածու չառաջադրեց: Գրեթէ նոյն իրավիճակին մէջ կը գտնուի նաեւ ՀՅԴն, Դեկտեմբերին ունեցած 5 տոկոսին փոխարէն, Յունուարին համակիրները 3 տոկոս եղած են: «Ժառանգութեան» համակիրներուն բանակը աւելցած է, Դեկտեմբերին 5 տոկոս էին, իսկ հիմա՝ 9 տոկոս, ՀԱԿը Հրանտ Բագրատեանի շնորհիւ կրցած է պահպանել համակիրներու բանակը:
Հարցախոյզէն նաեւ բացայայտուած է, որ տեղեկատուութեան առաջին ու կարեւոր աղբիւրը կը շարունակէ մնալ պատկերասփիւռը, յետոյ հարեւան-բարեկամները, համացանցը՝ յատկապէս երիտասարդներուն համար, չորրորդ դիրքի վրայ են թերթերը, յետոյ՝ ձայնասփիւռը: Նշենք նաեւ, որ նախագահական ընտրութիւններու քարոզարշաւի աւարտէն մէկ շաբաթ առաջ՝ 9 Փետրուարին պիտի հրապարակուին նաեւ այլ հարցախոյզի մը արդիւնքները։