
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».- Հինգշաբթի կէս գիշերին, Երեւանի կեդրոնական թաղերէն՝ Տպագրիչներու փողոցին վրայ, իր տան շքամուտքին մօտ, հրազէնային կրակի ենթարկուած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահական պաշտօնին իր թեկնածութիւնը դրած, խորհրդային տարիներու քաղաքական բանտարկեալ, Ազգային Ինքնորոշում կուսակցութեան նախագահ Պարոյր Հայրիկեանը: Ուսին ստացած հրազէնային վնասուածքով Պ. Հայրիկեան, նշուած վայրէն տեղափոխուած է Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հիւանդանոց:
Դէպքի վայր ժամանած են ՀՀ ոստիկանութեան պետ Վլադիմիր Գասպարեանն ու Երեւան քաղաքի վարչութեան պետ Ներսէս Նազարեանը: