
Հայց. եկեղեցւոյ Արեւելեան թեմի առաջնորդարանի միջեկեղեցական հարցերու պատասխանատու Վիգէն արք. Հայկազեան ընտրուած է Միացեալ Նահանգներու տարածքին գործող աւելի քան 40 եկեղեցիներու եւ եկեղեցական կազմակերպութիւններու համախմբում մը հանդիսացող «Քրիստոնէական միացեալ եկեղեցիներ»ու (Christian Churches Together) նախագահ, համախմբումի տարեկան ընդհանուր ժողովին ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ Յունուար 28էն Փետրուար 1ի միջեւ, Թեքսասի մէջ: Արք. Հայկազեան չորս տարի պիտի մնայ նախագահի պաշտօնին վրայ:
Վիգէն արք. Հայկազեան 2007էն 2009ի միջեւ եղած է նաեւ Միացեալ Նահանգներու Եկեղեցիներու ազգային խորհուրդի նախագահ: