
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կազմակերպութեամբ Երեւանի «Փոլիթեքնիք»ի շրջանաւարտներու եւ բարեկամներու Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին, հովանաւորութեամբ Ամերիկահայ ճարտարագէտներու եւ գիտնականներու ընկերակցութեան, Կիրակի, Փետրուար 24ին, Կլենտէյլի «Անուշ» ճաշարանին մէջ (401 W. Colorado Boulevard) տեղի պիտի ունենայ խաշի եւ հարիսայի տարեկան աւանդական ճաշկերոյթ, առաւօտեան ժամը 9:30էն սկսեալ: Մասնակցութեան սակը 25 տոլար է, ներառեալ՝ խմիչք: Տեղեր ապահովելու համար, դիմել Աբրահամ Պոյաճեանին կամ Սիրարփի Տէր Մարտիրոսեանին, յաջորդաբար՝ (818) 572-5543 կամ (818) 841-0333 թիւերով: