
ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- «Լարք» երաժշտանոցի կազմակերպութեամբ եւ հովանաւորութեամբ Հայ աւետարանչական միութեան, հոգեւոր երգերու նուիրուած համերգ մը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Մարտ 2ին, երեկոյեան ժամը 7:30էն սկսեալ, Փասատինայի «First United Methodist» եկեղեցւոյ մէջ, որուն հասցէն է՝ 500 E. Colorado Blvd.:
Վաչէ Պարսումեանի ղեկավարած «Լարք»ի նուագախումբին ու երգչախումբին կողքին, ելոյթներ պիտի ունենան Շուշիկ Պարսումեան, ջութակահարներ Մովսէս Պօղոսեան ու Վարդի Մանուէլեան, ինչպէս նաեւ «Սեթին Պրաս» նուագախումբը՝ ներկայացնելով Պախէն, Մոցարթէն ու Վերտիէն ստեղծագործութիւններ:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 500-9997 թիւին կամ այցելել www.larkmusicalsociety.com կայքը: