ՓԱՐԻԶ.- բանաստեղծ եւ հայ լեզուի հաւատաւոր պաշտպան Հիլտա Գալֆաեան-Փանոսեան վերջերս Փարիզի մէջ նորութիւն մը բերաւ մանուկներու ուղղեալ մեր կրօնական գրականութեան մէջ. ան գծանկարներու շարքով հրատարակեց Յիսուս Քրիստոսի կեանքն ու վարդապետութիւնը ներկայացնող գրքոյկ մը, որ պատկերազարդ պատմութիւնը կը դառնայ մեր կրօնքի ամէնէն հիմնական մէկ հատուածին։
Գունաւոր գիրքը, որ բոլոր մանուկներու հետաքրքրութիւնը կրնայ հրաւիրել, կոչուած է «Ի՞նչպէս Յայտնուեցաւ Որպէս Փրկիչ»։
Գծիկով նկարներու ընդմէջէն հեղինակը սահուն եւ մանուկներուն հասկնալի լեզուով կը պատմէ Յիսուսին կեանքը, սկսելով Մարիամ Աստուածածնի փոխանցուած Աւետումէն։
«Գրքոյկը, որ շատ օգնական դասագիրք մը կրնայ նկատուիլ վարժարաններու համար, Փարիզի մէջ ողջունուեցաւ մեծ գոհունակութեամբ։ Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ Նորուան արք. Զաքարեան գոհունակութեամբ ողջունեց այս օգտաշատ հրատարակութիւնը, շնորհաւորեց հեղինակը եւ գիրքը յանձնարարեց վարժարաններուն ու ծնողներուն», կը գրէ «Մարմարա» օրաթերթը։
«Ի՞նչպէս Յայտնուեցաւ Որպէս Փրկի»չը տպուած է Երեւանի մէջ։ Նկարիչն է Այտա Պօյաճեան։ Հրատարակուած է հովանաւորութեամբ Փարիզի ՄԱՇՏՈՑ Հայ Լեզուի Պաշտպանութեան միութեան եւ Երեւանի ՎԱՆ Հրատարակչութեան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.